Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

1915-ի Մասին Թրքական Առաջին Ֆիլմը Հոլիվուտի Մէջ Երեք Մրցանակներու Արժանացած Է

Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս տեղահանութիւն ներկայցնող թրքական արտադրութեան առաջին լիամեթրաժ ֆիլմը` «Կորուսեալ թռչուններ»-ը, Հոլիվուտի մէջ միաժամանակ 3 մրցանակներու արժանացած է:

Ըստ ermenihaber.am-ի թրքական «Միլիյէթ» պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ նկարահանուած ֆիլմի շնորհանդէսը կայացած է՝ «Հոլիվուտի 18-րդ ARPA միջազգային կինոփառատօն»-ի ընթացքին: Հոլիվուտի «Egyptian Theatre»-ի մէջ տեղի ունեցած փառատօնի բացումը կատարուած է «Կորուսեալ թռչուններ»-ով: Բեմադրիչներ Արէն Փերտեճիի եւ Էլա Ալեամաչի ֆիլմը փառատօնին արժանացած է միաժամանակ երեք մրցանակներու` «Լաւագոյն ֆիլմ»-ի, «Լաւագոյն բեմադրիչ»-ի եւ «Արմին Թ. Վակների մարդասիրութեան մրցանակ»-ի:

Մրցանակաբաշխութեան ժամանակ ելոյթ ունեցած բեմադրիչներ Փերտեճին ու Ալեամաչը նշած են, որ այս ֆիլմով իրենք նպատակ ունին նպաստելու մարդկութեան միաւորման. «Մենք կը հաւատանք, որ այս ֆիլմը պիտի օգնէ, որպէսզի զիրար աւելի լաւ հասկանանք եւ յոյսով նայինք ապագային», ընդգծած են անոնք:

Հոլիվուտի ARPA միջազգային կինոփառատօնը այս տարի հանդիսատեսին ներկայացուցած է պատերազմի, սփիւռքի, գաղթի եւ բազմամշակութային հասարակութիւններու մասին աշխատանքներ:

Նշենք, որ 1915-ի մասին Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած առաջին գեղարուեստական լիամեթրաժ ֆիլմի` հայ Արէն Փերտեճիի եւ թուրք Էլա Ալեամաչի հեղինակած «Կորուսեալ թռչուններ»-ու գլխաւոր դերերով նկարահանուած են՝ ծագումով թուրք Տիլա Ուլուջան եւ Ահմեթ Ուզը, ինչպէս նաեւ հայ դերասաններ Արթօ Արսէնեանն ու  Հերոս Յակոբեանը: Ֆիլմի իրադարձութիւնները կը ծաւալին Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, մէկ գիշերուան մէջ ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած երախաներու` Մարիամի ու Պետոյի իրենց հարազատները որոնելու շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին