Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Շարլ Ազնաւուր Արժանացած է Պելճիքայի Թագի Շքանշանի Ասպետի Կոչումին

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, այլեւս Պելճիքայի Թագի շքանշանի ասպետ է (Commandeur de l’Ordre de la Couronne): Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով երգիչի պաշտօնական Ֆէյսպուքի էջը, Ազնաւուր այդ կոչման արժանացած է Նոյեմբեր 16-­ին Պրիւքսէլի Egmont Palace-ի մէջ­:

Շարլ Ազնաւուր շնորհակալութիւն յայտնած է Պելճիքային, որ անոր հաւաստիացմամբ «միշտ ունեցած է հիասքանչ հանդիսատես»: Արարողութեան ընթացքին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են՝ Փարիզի ահաբեկչութեանց հետեւանքով զոհուածներուն յիշատակը:

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնդըր խօսած է արուեստագէտին բարձր յատկանիշներու մասին: Telebruxelles.be-­ն անդրադառնալով Ազնաւուրի Պելճիքայի Թագի շքանշանի ասպետ դառնալու փաստին՝ շեշտած է, որ հայկական ծագում ունեցող երգիչը կը պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Կայքը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ Պելճիքան ներկայացուցիչներու պալատի նախաձեռնութեամբ եւ բոլորովին վերջերս, Պելճիքայի վարչապետ Չարլզ Միշելի ձայնով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

91­ամեայ երգիչը Նոյեմբեր 17-­ին Պրիւքսէլի Forest National սրահին մէջ պիտի երգէ պելճքիացի իր հանդիսատեսին համար:

Թագի շքանշանը Պելճիքայի արքայական պետական պարգեւն է: Անիկա ստեղծուած է 1897 թուականին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին