Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ դիրքորոշման պատճառով շատ երկիրներ, ներառեալ ԱՄՆ-ը, Մեծ Բրիտանիան եւ Աւստրալիան կը հրաժարին ճանչնալ յանցագործութիւնը:
Անոնք այդպէս կը վարուին` հաշուի առնելով Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական եւ առեւտրային յարաբերութիւնները: Այս մասին ըստ Artsakhpress.am-ի կը գրէ «Green Left» («Կանանչ Ձախ») պարբերականը:
Ըստ յօդուածին 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ սկսաւ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածը: «Ատիկա վտանգաւոր նախադէպ դարձաւ, որ ընդօրինակեցին եւ յետագային տարածեցին տարբեր երկիրներու բռնապետական կառավարութիւնները: Չնայած համաշխարհային պատմութեան մէջ անոր ցաւագին տեղին, աշխարհի կառավարութիւնները, ներառեալ խոշոր գերտէրութիւնները, կը հրաժարին ընդունիլ, որ այդպիսի բան տեղի ունեցած է»,- նշուած է հրապարակման մէջ:
Ըստ յօդուածագիրին մինչ օրս թրքական կառավարութիւնը կը հրաժարի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Անիկա կը պնդէ, որ ատիկա «արեւմտեան սուտ» է: Թուրքիան միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած է` փորձելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ջնջել սեփական պատմութենէն, կործանելով հայկական յուշարձանները եւ նոյնիսկ փոխելով Հայաստանի անուան հետ կապուած կենդանիներու անունները»,- նշուած է յօդուածին մէջ:
Պարբերականի համաձայն կառավարութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը՝ հիասթափութիւն յառաջացուց վերապրածներու եւ անոնց ընտանիքներու մէջ. այդ մարդիկ տեսած են սարսափելի վայրագութիւններ, որոնք մնացած են անոնց յիշողութեան մէջ:
«Այս միտումը Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի նաեւ 21-րդ դարուն` քիւրտ բնակչութեան դէմ պատերազմի տեսքով: «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի ընթացքին, Թուրքիան յարձակումներ կը գործէ երկրի քիւրտ բնակչութեան դէմ: Ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային, Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութիւնը եւս միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը չստացաւ:
Եթէ պատմութիւնը մեզի որեւէ բան սորվեցուցած է այն է, որ եթէ անցեալի յանցագործութիւնները չեն ճանչցուիր եւ չեն պատժուիր, անոնք կրկին տեղի կ’ունենան: Մենք պէտք է ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը` նոր ցեղասպանութիւնները կանխելու համար»,- ամփոփած է «Green Left»-ի յօդուածագիրը: