Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Անցեալ Գիշեր Արձակուած Են Աւելի Քան 1000 Կրակոցներ

 

Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, 16 Նոյեմբերի եւ լոյս 17ի գիշերը, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ Հան-17 տիպի նռնականետէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1000 կրակոցներ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնային գիծերուն վրայ եւ կը  շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին