Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Հայաստան-ԱՄՆ Առեւտուրի Եւ Ներդրումներու Հարցերով Խորհուրդի Առաջին Նիստը Մեկնարկեց

Հայաստան պատրաստ է դառնալու միջազգային գործարար համայնքի շահերու կեդրոն` պիզնես գործունէութեան համար բարենպաստ պայմաններուն աւելցնելով աւանդական հայկական հիւրընկալութիւնը:

Երէկ Երեւանի մէջ մեկնարկած Հայաստան-ԱՄՆ առեւտուրի եւ ներդրումներու հարցերով խորհուրդի առաջին նիստի ժամանակ, իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, կը փոխանցէ Panorama.am-ը:

«ՀՀ կառավարութեան եւ ԱՄՆ կառավարութեան միջեւ վերջերս ստորագրուած առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին շրջանակային համաձայնագիրը, նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ներդրումներու եւ երկու երկրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութեան, առեւտուրի խրախուսման եւ առկայ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ու համագործակցութեան նոր ոլորտներու բացայայտման համար», նշած է նախարարը:

Խորհուրդի անդրանիկ նիստին ԱՄՆ պատուիրակութեան ղեկավարը եւ ամերիկեան կողմի համանախագահը` ԱՄՆ Առեւտուրի փոխներկայացուցչի տեղակալ Էլիզապեթ Հաֆնըր նշած է, որ ասիկա համագործակցութեան սկիզբն է եւ այս քննարկումները կողմերուն հնարաւորութիւն կու տան բացայայտելու բոլոր խոչընդոտներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք առկայ են առեւտրային ոլորտին մէջ: Ան այստեղ կարեւոր համարած է նաեւ մասնաւոր հատուածի ներգրաւուածութիւնը:

Նշենք, որ խորհուրդը հիմնուած է 17 Մայիս 2015ին` երկու երկիրներու միջեւ ապրանքներու եւ ծառայութիւններու առեւտուրի ընդլայնման նպատակով:

Նիստին կը մասնկացին կառավարութեան գերթէ բոլոր գերատեսչութիւններէն ներկայացուցիչներ, նաեւ ոլորտային փորձագէտներ եւ աւելի քան 60 գործարարներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին