Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

«Մուսա Լերան Հերոսամարտը» Մշտական Ցուցադրութիւնը Մուսալեռցիներու Մասին Նոր Նիւթերով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Մուսայ լերան հերոսամարտի 100ամեակի նշումը կազմակերպող յոբելեանական յանձնաժողովի անդամներուն հետ 14 Նոյեմբերին Արմաւիրի մարզին մէջ մասնակցած է՝ Մուսա լերան հերոսամարտի 100րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներուն, որոնց ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ՊՆ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ, մուսալեռցիները փրկած նաւերու նաւապետերուն հարազատները, մարզի բնակիչները եւ բազմաթիւ հիւրեր, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:

Նախագահը ձեռնարկի մասնակիցներուն հետ ծաղիկներ դրած է Մուսայ լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցանած, որմէ ետք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արմաւիրի թեմի առաջնորդին կողմէ կատարուած է «Ի յիշատակ սուրբ նահատակներու» արարողակարգը:

Հերոսամարտի յոբելեանի առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանը, իր «Մուսա լերան հերոսամարտի եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարան» մասնաճիւղի ցուցասրահին մէջ կազմակերպած է՝ «Մուսա լերան հերոսամարտը» խորագիրով մշտական ցուցադրութիւն, շրջանառութեան մէջ դնելով նոր ուշագրաւ նիւթեր: Մուսա լերան հերոսամարտի պատմութիւնը ներկայացնող նոր ցուցադրութեան հիմնական նպատակն է` հանրութեան ներկայացնել մուսալեռցիներու հերոսական պայքարը, յաւերժացնել հերոսամարտի ընթացքին զոհուած մուսալեռցիներու յիշատակը եւ սերունդներուն դաստիարակել այդ հերոսներու ոգով:

Հանրապետութեան նախագահը եւ ձեռնարկին մասնակիցները շրջած են թանգարանի` ինքնապաշտպանական մարտերուն նուիրուած ցուցասրահը, ծանօթացած ցուցադրանիւթին, որ ներկայացուած է ձեւաւորման նոր լուծումներով` Մուսա լերան եւ ծովեզերքի եռաչափ անիմացիայով:

Յուշարձանի կամարի տակ տեղադրուած են Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին նուիրուած «Փառապանծ սուր» տուֆէ յուշակոթողը եւ «Մասունք Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակաց» տապանաքարը:

Մուսա լերան քառասուն օրը դիւցազներգութեան հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի ծննդեան 125ամեակի առիթով եւ ի նշան անոր նկատմամբ երախտագիտութեան ու յարգանքի` յուշահամալիրի տարածքին տեղադրուած են նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ Մուսա լերան հերոսներուն փառաբանած աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆելի եւ չորս հազարէ աւելի մուսալեռցիները փրկած ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի դիմաքանդակները:

Հանդիսաւոր ձեռնարկներու ծրագրի ծիրէն ներս, Արմաւիրի մարզի Մուսալեռ եւ Փարաքար գիւղական համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած են  շարք մը փողոցներու անուանակոչումներ՝ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի, Շառլ-Տիրան Թէքէյեանի, Տիգրան Անդրէասեանի եւ Մովսէս Տէր-Գալուստեանի անուններով, իրականացած են Մուսա լերան յուշահամալիրի հիմնանորոգման եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքներ: Օրուան խորհուրդին ներքոյ յուշահամալիրին մէջ 14 Նոյեմբերին կազմակերպուած է նաեւ տօնական համերգ:

Մուսայ լերան յուշահամալիրին մէջ կայացած ձեռնարկի  ժամանակ նախագահ Սարգսեան ելոյթ ունեցած է` անդրադառնալով Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն եւ դատապարտած զանոնք:

7

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին