Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հայաստանէն Չինաստան Արտահանումը Աճած է

Չինաստանը շատ դրական կը գնահատէ հայ­ չինական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը եւ քաղաքական փոխգործակցութեան մակարդակը:

Ըստ Armenpress.am-ի «Հայ-­չինական համագործակցութիւնը՝ «Մետաքսի Ճանապարհի տնտեսական գօտիի ստեղծման չինական նախաձեռնութեան լոյսի ներքոյ» նիւթով գիտաժողովին, այսպիսի դիրքորոշում յայտնած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլուն:

«Հայկական կողմի վիճակագրական տուեալներուն համաձայն` այս տարուան առաջին երեք եռամսեակներուն Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կազմարծ է 358 միլիոն ԱՄՆ տոլար: Ի դէպ 12 տոկոսով աւելցած է Հայաստանէն արտահանումը դէպի Չինաստան»,­ ըսած է դեսպանը աւելցնելով, որ վերջին երեսուն տարուան ընթացքին Չինաստանը իր տնտեսական զարգացումով երկրորդ տեղը կը գրաւէ աշխարհի մէջ, իսկ արտասահմանեան ներդրումներու առումով երրորդը: Անիկա 120 երկիրներու գործընկեր է եւ արդէն քանի մը տարի շարունակ Հայաստանի երկրորդ ամենախոշոր առեւտրային գործընկերը: Չինաստանի համար աւելի հետաքրքրական է համագործակցութիւնը փոխադրամիջոցի, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, գունաւոր մետաղի, շինանիւթերու արտադրութեան եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ:

Դիւանագէտը յիշեցուցած է, որ Մարտ 2015ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն պետական այցի ընթացքին, երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ ստորագրուած է հռչակագիր` երկկողմ բարեկամութեան եւ փոխգործակցութեան խորացման ու զարգացման մասին: Իսկ Սեպտեմբերին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի այցը Չինաստան նոր լիցք հաղորդած է գործարար համագործակցութեան: «Ներկայիս մեր երկիրները կը գտնուին քաղաքական փոխվստահութեան շատ բարձր մակարդակի վրայ, կը պահպանուի առեւտրատնտեսական զարգացման դրական շարժը: Յառաջընթաց կ՛արձանագրուի նաեւ մարդասիրական ոլորտի համագործակցութեան մէջ», ­նշած է Թիան Էրլուն տեղեկացնելով, որ 2016ին կը ծրագրուի Հայաստանի մէջ սկսիլ չինական թեքումով դպրոցի շինարարութիւնը, որ առաջինն է ԱՊՀ տարածաշրջանին մէջ:

Դեսպանի գնահատականով «Մետաքսի ճանապարհ» տնտեսական գօտին կը ստեղծէ երկկողմ փոխշահաւէտ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ: «Մետաքսի ճանապարհ»ի ծրագիրի ծիրէն ներս, Չինաստանը կը ձգտի աշխուժացնել նաեւ շփումները Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) հետ: Մասնաւորաբար ջանքեր կը գործադրուին դիւրացնելու առեւտուրը Չինաստանի եւ ԵՏՄ անդամ երկիրներու միջեւ` իբրեւ վերջնական նպատակ ունենալով Չինաստանի եւ ԵՏՄի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին