Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը 15 Նոյեմբերին Լիոնի մէջ կայացած իր 23րդ համաժողովին, ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ, որուն համաձայն Օսմանեան կայսրութիւնը Ցեղասպանութիւն իրագործած է հայ ժողովուրդի հանդէպ, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»ը:
Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ աշխատելու Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հետ հաշտեցում հաստատելու ուղղութեամբ:
Այս նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը կոչ կ՛ընէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դեռ չճանչցած բոլոր երկիրներուն հրապարակայնօրէն ճանչնալու զայն: Կուսակցութիւնը կ՛ընդգծէ, որ այս քայլը դրական պիտի անդրադառնայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ եւ պիտի նպաստէ մարդկութեան հանդէպ յետագայ յանցագործութիւններու կանխման:
Բանաձեւը կը պահանջէ թրքական կառավարութենէն վերագնահատել պատմական եւ մշակութային նիւթերը, բանալ արխիւները պատմաբաններու, հետազօտողներու եւ գիտնականներու առջեւ` փորձելով հաշտուիլ անցեալի հետ:
Բանաձեւը կ՛ընդգծէ, որ բոլորը ունին սեփական պատմութեան ճանաչման եւ մշակոյթի հանդէպ յարգանքի իրաւունք:
«Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութեան ընդունած բանաձեւին նպատակն է յիշեցնել իւրաքանաչիւր երկրի, որ ան իր մասնաբաժինը ունի ներդնելու` յանուն առաւել խաղաղ աշխարհի: Սա է պատճառներէն մէկը, թէ ինչու Թուրքիան պէտք է այժմ դադրեցնէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը», ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, ԵԽի մէջ Կանաչներու խմբակցութեան փոխնախագահ, «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան Խորհրդատուական խումբի անդամ Միշել Ռիվազին:
Կանաչներու կուսակցութիւնը կը միաւորէ շուրջ 45 Կանաչներու կուսակցութիւններ Եւրոպայի տարածքին եւ ներկայացուած է Արեւելեան Եւրոպայի գործընկերութեան երկիրներուն մէջ: