Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Սուրիոյ Պատերազմին Մօտաւորապէս 300 Յուշարձան Ոչնչացուած Է

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մօտ 300 հնագիտական յուշարձան ոչնչացուած է: Այս մասին յայտնած է երկրի հնութիւններու եւ թանգարաններու վարչութեան գլխաւոր տնօրէն Մաամուն Ապտուլքարիմը:

«Աւելի քան 10.000 յուշարձանէն, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ մէջ, 300-ը վնասուած են 4 տեսակի աւերածութեան պատճառով»,- ըստ Tert.am-ի՝ յայտնած է պաշտօնեան:

Անոր խօսքով` մշակութային կառոյցներու կործանումը հետեւանքն է գրոհայիններու եւ կառավարական զօրքերու միջեւ բախումներուն, ինչպէս նաեւ անօրինական պեղումներու:

Ապտուլքարիմը նշած է, որ 2012-ի ամրան վերջը, երբ բռնութիւնը դարձած է համատարած, իրենք փակած են Սուրիոյ բոլոր թանգարանները եւ սկսած են նմուշները տեղափոխել ապահով եւ հսկուող վայրեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին