Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«Հակառակորդի Կրակոցներէն 2 Զինուոր Զոհուած է». ԼՂՀ ՊՆ

Հակառակորդը կը շարունակէ տարբեր զինատեսակներու կիրառումով խախտել հրադադարը:

12 Նոյեմբերին ժամը 21:00ի ատեն, Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն՝ պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ, հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցներէն զոհուած են զինուորական ծառայողներ՝ Վահէ Վարդգէսի Վանոյեանը (1995թ.) եւ Միքայէլ Առաքելի Թորոսեանը (1996թ.):

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ մահացած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։ Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին