2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ մեր վարժարանէն ներս արդէն իսկ կը գործէ ուսմնան յատուկ կարիքներու ունեցող աշակերտներու բաժանմունք, ուր սորվելու դժուարութիւններ ունեցող աշակերտները կը ստանան իրենց կարիքին համեմատ հոգատարութիւն եւ մօտէն հետեւողութիւն:
Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2015-ին, կազմակերպութեամբ վերոնշեալ բաժանմունքին, վարժարանէս ներս տեղի ունեցաւ հոգեբանական դասախօսութիւն մը՝ «Զաւակս Ինչո՞ւ Ինծի Մտիկ Չþըներ» թեմայով: Հիւր դասախօսն էր խորհրդատու հոգեբան Տիկ. Փոլին Նաճարեան: Վերջինս աւելի քան 15 տարիներէ ի վեր կը գործէ երախաներու եւ դեռահասներու հոգեբանական-խորհրդատուական մարզին մէջ: Ան կրթական խորհրդատու է շարք մը դպրոցներու մէջ, ուր կþիրականացուին դպրոցական զարգացման եւ աշակերտական ծառայութիւններու ծրագիրներ, ընդ որում ուսման յատուկ կարիքներ ունցեող աշակերտներու ծրագիրները: Ան հեղինակ է նաեւ այս ոլորտէն ներս շարք մը հրատարակութիւններու, որոնք ուղեցոյց կը հանդիսանան ծնողներու եւ ուսուցիչներու:
Դասախօսութեան հրաւիրուած էին վարժարանիս ծնողները եւ հիւրեր: Տիկ. Նաճարեան ներկաներուն բացատրեց իրենց երախաներուն հետ աւելի հաշտ եւ լաւ յարաբերութիւն մը պահելու կերպերը, մօտենալու պզտիկին հոգեբանութեան անկիւնէն, փորձելով հասկնալ անոր ներաշխարհը եւ զայն գնահատել կամ պատժել խոհեմութեամբ, փորձելով հեռու մնալ առօրեայ դժուարութիւններուն եւ ճնշումներուն յառաջացուցած ջղագրգռութենէն, որ բացասականօրէն կþազդէ մայր-զաւակ յարաբերութեան վրայ:
Խորհրդատու հոգեբանը որոշ խրատներ տուաւ ծնողներուն՝ ապահովելու համար պզտիկներուն ուրախ եւ խաղաղ մանկութիւնը, որովհետեւ հոգեբանօրէն փաստուած է, թէ ուրախ պզտիկը աւելի դրական եւ լաւ արդիւնք կու տայ բոլոր մարզերուն մէջ: Ան նաեւ տուաւ ցուցմունքներ, որոնք կը մղեն պզտիկը ըլլալու ընդունակ եւ ինքնավստահ, եւ յետագային ըլլալու շրջանակին մէջ յաջողակ անձեր:
Տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին մը եւ Տիկ. Նաճարեան պատասխանեց ներկաները մտահոգող հարցումներուն: Այս շինիչ դասախօսութեան աւարտին տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր դասախօսին, եւ նշեց, որ թէեւ բոլոր մայրերն ալ բնազդով մղուած կը փորձեն իրենց զաւակներուն լաւագոյն դաստիարակութիւնը ապահովել, սակայն իւրաքանչիւր մայր միշտ նորութեան կը հանդիպի այս ծիրին մէջ եւ խորհրդատուներու ցուցմունքին հետեւելով կամ անձնական պրպտումներով ան կրնայ աւելի երջանիկ կեանք պարգեւել իր հոգեհատորին:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ