Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

ԱՄՆի Կառավարութիւնը Պատրաստակամ է Փտածութեան Դէմ Պայքարի Հարցով Հայաստանի Հետ Գործակցութիւնը Շարունակելու

ՀՀ Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան, 12 Նոյեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:

Ըստ «Արմէնփրես»ի նախարար Յովհաննիսեան բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ իրականացող դատաիրաւական ոլորտի բարեփոխումներուն եւ նշած, որ ներուժ գոյութիւն ունի շարք մը այլ ուղղութիւններով եւս համագործակցութիւնը խորացնելու:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են դատաքննութեան ծառայութեան ոլորտին մէջ կատարուելիք բարեփոխումներուն, դատական համակարգին մէջ ելեկտրոնային կառավարման եւ տուեալներու պաշարի վերաբերող համակարգին հետագայ զարգացման, հակափտածութեան քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախարարը ներկայացուցած է շարք մը նոր ծրագիրներու տեսլականը:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին եւ հաստատած, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պատրաստակամ է շարունակելու Հայաստանի հետ գործակցութիւնը՝ փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան համակարգի բարեփոխումներու, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու ամրապնդման հարցերուն մէջ: Ըստ անոր կան տարբեր ուղիներ, որոնցմով Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնն ու Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութիւնը կրնան գործակցիլ այս բարեփոխումները իրականացնելու իմաստով: Ան շեշտած է, որ կը սպասէ համագործակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներու։

Հանդիպման աւարտին կողմերը վերահաստատած են վերոնշեալ բնագաւառներուն, ինչպէս նաեւ նոր ու տարբեր ծրագիրներու մէջ փոխգործակցութիւնը խորացնելու պատրաստակամութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին