Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

«Ազրպէյճանի Գործողութիւնը Անհետեւանք Պիտի Չմնայ». ՀՀ ՊՆ

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) խստագոյնս կը դատապարտէ՝ ազրպէյճանական կողմի հերթական ահաբեկչական բնոյթ ունեցող գործողութիւնը, որուն զոհ գացին Արցախի պաշտպանութեան բանակի երկու զինուորներ: Այս մասին կը նշուի ՀՀ Պաշտպանութեան  նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ: «ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ, 12 Նոյեմբերին Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած զինծառայողներ՝ Վահէ Վարդգէսի Վանոյեանի եւ Միքայէլ Առաքելի Թորոսեանի հարազատներուն եւ կը կիսէ անոնց կորտսեան ծանր վիշտը:

«ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստագոյնս կը դատապարտէ ազրպէյճանական կողմի հերթական ահաբեկչական բնոյթ ունեցող գործողութիւնը: Գիտակցելով, որ տուեալ գործողութիւնը անհետեւանք պիտի չմնայ եւ մեղաւորները պիտի պատժուին` Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը հերթական անգամ կ՛երթայ իրավիճակի սրման ուղղութեամբ: Միաժամանակ ուշադրութիւն կը հրաւիրենք այն հանգամանքին վրայ, որ Ազրպէյճանի կողմէ շփման գիծին վրայ իրադրութեան ապակայունացման ուղղուած քայլերը, օրըստօրէ կը սաստկանան այդ երկրին մէջ ընտրական գործընթացներու աւարտէն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու տարածաշրջան այցէն անմիջապէս ետք, որ անգամ մը եւս կը փաստէ այդ պետութեան իշխանութիւններուն կողմէ՝ ԼՂ խնդիրի կարգաւորման հարցով ապակառուցողական մօտեցման, միջնորդական առաքելութեան յորդորներու անտեսման եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշերու ոտնահարման մասին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին