Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Վարդան Մելքոնեան Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Անգլիոյ թագաւորական սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավարներէն, «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին սան Վարդան Մելքոնեանի, ընկերակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:

Մելքոնեան վեհափառին յայտնեց Լիբանան այցելելու պատճառն ու զեկուցեց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ նուիրուածութեան օրինակ հանդիսացած Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին տեղի ունենալիք համերգին մասին:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Վարդան Մելքոնեանի երախտագիտական մօտեցումները եւ «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան նկատմամբ իր հետեւողական կապուածութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին