Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Ուրուկուէյի Յատուկ Յուշամետալ Պիտի Շնորհուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Աջակցելու Համար

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աջակցելու համար, Ուրուկուէյի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը յատուկ յուշամետալ պիտի ստանան, կը տեղեկացնէ «Արցախփրես»ը՝ վկայակոչելով Radio Monte Carlo-ն:

Ուրուկուէյի մէջ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովը,  յուշամետալը պիտի շնորհէ երկրի նախագահ Թապարէ Վասքեսին:

Այս առթիւ պիտի պարգեւատրուի նաեւ ուրուկուէյցի քաղաքական գործիչ եւ լրագրող Ուաշինկթըն Պելտրան Մուլինը, որ 1965ին նախագահած է երկրի կառավարութեան Ազգային խորհուրդը, երբ ներկայացուած է «Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օր» սահմանելու մասին օրէնքը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին