Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

ՄԱՀը Հայաստանին Լրացուցիչ $16,3 Միլիոն Պիտի Յատկացնէ

Միջազգային Արժոյթի Հիմնադրամի (ՄԱՀ) Գործադիր խորհուրդը անցեալ շաբաթուան վերջը աւարտած է՝ «Երկարաձգուող ֆինանսաւորման» եռամեայ ծրագիրի (EFF) ծիրէն ներս, Հայաստանի կատարողականի երկրորդ ամփոփիչ ստուգումը: Ինչպէս նշուած է հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ, ատիկա կու տայ 11.74 միլիոն փոխառութեան յատուկ իրաւունք (ՓՅԻ) (մօտ 16.3 միլիոն տոլար) տրամադրելու հնարաւորութիւն` ծրագիրի ծիրէն ներս ընդհանուր յատկացումները հասցնելով 35.22 միլիոն ՓՅԻի (մօտ 48.9 միլիոն տոլար), կը յայտնէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

82.21 միլիոն ՓՅԻ (մօտ 114.1 միլիոն տոլար) գումարով երկարաձգուող այս ծրագիրը հաստատուած է Մարտ 2014ին:

Սեպտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Միջազգային Արժոյթի Հիմնադրամը (ՄԱՀ) բարձրացուցած է ՀՀ տնտեսական աճի կանխատեսումը. ըստ ՄԱՀի գնահատականներուն` 2015ին պիտի արձանագրէ 2.5%, իսկ 2016ին 2.2% աճ:

25 Սեպտեմբերին ՄԱՀ հայաստանեան առաքելութեան ղեկավարին ընդունեցին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Նախագահը բարձր գնահատած է ՄԱՀի հետ իրականացող ծրագիրներն ու գործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած հիմնադրամի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութեան համար: Սարգսեան կարեւոր համարած էր ՄԱՀի կողմէ «Երկարաձգուող ֆինանսաւորման ծրագիրի» հերթական վերանայման ամփոփումը եւ ՄԱՀի Գործադիր խորհրդի կողմէ արդիւնքներու հաստատումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին