Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանը Հատած Հայ Կինը Վերադարձաւ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հովանիին տակ, ազրպէյճանական Ղազախ եւ հայկական Իջեւան քաղաքներու միջեւ անցնող ճամբուն միջազգային սահմանին վրայ, երէկ տեղի ունեցած է սահմանը հատած 76ամեայ կնոջ վերադարձը:

Գործելով որպէս չէզոք միջնորդ եւ իր յանձնագրին համաձայն` ԿԽՄԿն աջակցած է այս հայրենադարձման` գործելով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ համատեղ: Մինչեւ վերադարձը հայ կինը ԿԽՄԿի աշխատակիցներուն հաւաստիացուցած է, որ կը վերադառնայ Հայրենիք իր յօժար կամքով, ըսուած է ԿԽՄԿի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Կոթի գիւղի բնակչուհի Լուսիկ Աբովեան՝ 8 Նոյեմբեր 2015ին հատած էր միջազգային սահմանը` յայտնուելով Ազրպէյճանի մէջ:
 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին