Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Արեւմտեան Հայաստանը Տիլտիլեաններու եւ Գէորգ Ճերճեանի Լուսանկարչական Մեքենայով» Խորագիրով Նոր Ցուցադրութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին (ՀՑԹՀ) մէջ այսօր՝ 12 Նոյեմբերին պիտի բացուի «Արեւմտեան Հայաստանը Տիլտիլեաններու եւ Գէորգ Ճերճեանի լուսանկարչական մեքենայով» լուսանկարչական ցուցահանդէսը:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի լրատուական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Տիլտիլեան ընտանիքի լուսանկարիչները պատկերած են առօրեայ կեանքը եւ բազմաթիւ ընտանեկան լուսանկարներ, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ տարբեր բնակավայրերու մէջ` Տրապիզոնէն մինչեւ Քոնիա: Այս ընտանիքի քանի մը սերունդ զբաղած է լուսանկարչական գործով, հիմնած են արուեստանոցներ Մարզուանի եւ Սամսունի մէջ: Ցոլակ ու Արամ Տիլտիլեանները դարձած են Մարզուանի քաղաքային կեանքը վաւերագրող իւրատեսակ «պատմաբաններ»: Տիլտիլեան եղբայրներուն կողմէ կատարուած բազմաթիւ լուսանկարներ յայտնուած են Սամսունը պատկերող նամականիշային բացիկներու վրայ: Այդ ժամանակ անոնք լուսանկարած են շարք մը յայտնի մարդիկ, որոնց մէջ Մուսթաֆա Քեմալը:

Տիլտիլեան եղբայրները ճանչցուած լուսանկարիչներ էին Սեբաստիոյ եւ Մարզուանի մէջ. այդ ժամանակ Պոլիսէն եւ Զմիւռնիայէն բացի, այլ քաղաքներու մէջ գրեթէ չկային լուսանկարչական արհեստանոցներ: Անոնք շրջելով տարբեր հայաշատ բնակավայրեր, բացի արհեստանոցներու մէջ առնուած լուսանկարներէն, լուսանկարած են մարդոց առօրեան, ձեռնարկներ, գիւղական եւ քաղաքային համայնապատկերներ ու բնապատկերներ: Տիլտիլեաններու լուսանկարչական հաւաքածոն կը ներառէ աւելի քան 600 լուսանկարներ` կատարուած 1880ականներէն 1923ի ընթացքին: Առանձին շարք մը կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափելի դրուագներն ու անոնց հետեւանքները պարունակող լուսանկարները:

Գրիգոր Ճերճեանը կարնեցի հայ բժիշկ էր: 1912-13 թուականներուն Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ շրջագայելու ընթացքին,  ան իր լուսանկարչական սարքով հայրենի քաղաք Արաբկիրի, Կարինի Սանասարեան վարժարանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի տեսարաններով շուրջ 240 լուսանկար առած է, որոնցմէ պահպանուած է միայն 100ը: Ճերճեանի լուսանկարչական հաւաքածոն կը ներառէ ազգագրական եւ վաւերագրական արժէք ունեցող ընտանեկան խմբանկարներ, դիմանկարներ, բնանկարներ ու քաղաքային պատկերներ:

2014ին Գրիգոր Ճերճեանի թոռը` Ճորճ Ճերճեան, իր պապի հաւաքածոն այլ արժէքաւոր փաստաթուղթերու հետ միասին նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

Ցուցադրութեան բացման ներկայ պիտի ըլլայ Քոնեքթիքըթի համալսարանի փրոֆեսոր, ամերիկաբնակ Արմէն Մարսուպեան, որ Ցոլակ Տիլտիլեանի թոռն է, որուն մօտ կը պահուի Ցոլակ եւ Արամ Տիլտիլեաններու հարուստ արխիւը` լուսանկարչական հաւաքածոն, յուշերը, հայերէն եւ անգլերէն թղթակցութիւնները, ձայնագրութիւնները եւ ընտանիքի անդամներու բազմաթիւ լուսանկարները:

Ցուցադրութեան բացման նաեւ ներկայ պիտի ըլլան փրոֆեսոր Արմէն Ճերճեան (Նիւ Եորք) եւ Գրիգոր Ճերճեանի թոռը` Ճորճ Ճերճեան (Լոնտոն) Մեծ Բրիտանիայէն:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին