Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Փութին Յանձնարարած Է Հայաստանի Հետ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգի Ստեղծման Մասին Համաձայնագիր Ստորագրել

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յանձնարարած է ստորագրել Հայաստանի հետ, Կովկասի մէջ միացեալ տարածաշրջանային հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգ ստեղծելու մասին համաձայնագիրը, կը հաղորդէ Tert.am-ը վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:

«Ընդունիլ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ, Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ հաւաքական անվտանգութեան համար՝ տարածաշրջանային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ ստեղծելու վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրման մասին ՌԴ կառավարութեան առաջարկը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախապէս Ռուսիոյ կառավարութիւնը հաւանութեան տուած էր՝ Հայաստանի հետ հակաօդային պաշտպանութեան տարածաշրջանային միացեալ համակարգի ստեղծման մասին համաձայնագիրին:

Օրերս հաղորդուած է նաեւ, որ Մոսկուան եւ Թեհրանը ստորագրած են С-300 ՀՕՊ համակարգերու մատակարարման վերաբերեալ համաձայնագիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին