Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի Նոր Եղանակի Բացում

Աւանդութեան համաձայն ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան ակումբը աշնանամուտը կը դիմաւորէ՝ Սկաուտական Շարժումի նոր տարեշրջանի գործունէութեան բացման պաշտօնական հանդիսութեամբ:

Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2015. ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, հիւրեր, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի Գործադիր Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, ծնողական վարչութեան անդամուհիներ եւ մեծ թիւով միութենականներ, համախմբուած էին ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնի շրջափակը, հետեւելու հանդիսաւոր արարողութեան:

Նշեալ ժամուն ՀԲԸՄ–ՀԵԸ փողերախումբի գլխաւորութեամբ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի թիթեռները, արծուիկները, գայլիկները, արենուշները, սկաուտները, քառավելները եւ երէցները տողանցելով մուտք գործեցին շրջափակ: Փողերախումբը յաջորդաբար կատարեց Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի քայլերգները: Այս միջոցին սկաուտական կայմին վրայ յաջորդաբար սկսան ծածանիլ Հայաստանի, Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի, SDL-ի եւ AEL-ի դրօշները:

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի ընդհանուր խմբապետ Գէորգ Քիւլքեճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի փոխատենապետ Վահան Ղորղորեան ողջունեց՝ ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, «Սքութ Տիւ Լիպան»ի Լեռնալիբանանի Շրջանի ներկայացուցիչ Զիատ Շաքէրը, AELի (Ասոսիասիոն Էքլերէոզ Տիւ Լիպան) ընդհանուր քոմիսէր Լենա Գարակէոզեան-Իւրնեշլեանը եւ ներկաները, փայլուն եւ արդիւնաւէտ տարեշրջան մը մաղթելով բոլորին: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ՀԵԸի Սկաուտական Շարժումի աշխատանքներուն նպաստող բոլոր մարմիններուն եւ յառաջիկայ տարուան համար բեղուն գործունէութիւն մաղթեց Անդրանիկ Սեւանի աշխատանքներուն:

AEL-ի ընդհանուր քոմիսէր Լենա Գարակէոզեան-Իւրնեշլեան նշեց, թէ սկաուտական ընտանիքի աշխատանքները յառաջիկայ տարեշրջանին իբրեւ լոզունգ պիտի ունենան՝ «Ձեռք Ձեռքի, աւելի լաւ ապագայի մը համար» կարգախօսը:

Իր կարգին ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատեանպետ Վիգէն Չերչեան բարձր գնահատեց՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի նախորդ տարուան աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց նոր տարեշրջանի սեմին: Ան շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի ատենապետ Յակոբ Թելվիզեանին, Գործադիրի բոլոր անդամներուն, ծնողաց վարչութեան, միաժամանակ ընդգծելով, թէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին երեք կարեւոր իրադարձութիւններ կը սպասեն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ընտանիքը՝ ՀԲԸՄի 110ամեակը, ՀԵԸի 85ամեակը եւ ՀԵԸի Սկաուտական Շարժումին 80ամեակը:

Ատենապետին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ փոխանցումներու եւ նոր նշանակումներու արարողութիւն: Ծափահարութիւններու տակ փոխանցումներ կատարուեցան դէպի արենուշական, քառավելական, գայլիկական եւ երէցական խումբերը: Պարգեւատրուեցան նաեւ սկաուտական ենթախումբերուն բանակումի եւ տարուան տիպարները:

Գնահատելի այս հանդիսութիւնը վերջ գտաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ:

10612990_1238492046166388_3310195594486005562_n

12188930_1238486669500259_7872815304104172505_n

11139408_1238486796166913_3053572066067204477_n

12193605_1238484102833849_4080372804507342297_n

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին