Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

ԳՈՀԱՐ Կը Սատարէ 100 Կարիքաւոր Աշակերտներու Ուսման

ԳՈՀԱՐ գերազանց յաջողութեամբ եւ բերկրանքով հանդէս եկաւ չորս իրիկնաշող, իրերայաջորդ համերգներով՝ 29, 30, 31 Հոկտեմբեր եւ 1 Նոյեմբեր 2015ին: Օգտագործելով ամէնէն արդիական արհեստագիտութիւնը՝ ան հանդիսացաւ մեծագոյն արտադրութիւններէն մէկը, որուն ականատես եղած է Լիբանանը:
Ֆորում Տը Պէյրութի աստղազարդ լուսաւորման ներքեւ, իւրաքանչիւր համերգին ներկայ եղաւ 2250 հանդիսատես: Համերգները ուղղակի սփռուեցան Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով, ինչպէս նաեւ համացանցի արտահոսքով, որոնք առիթ ընծայեցին Սփիւռքի բիւրաւոր ակնդիրներուն՝ մասնակից դառնալու եւ ըմբոշխնելու Հայ երաժշտութիւնն ու մշակոյթը «ԳՈՀԱՐ-ի Բոլոր Ժամանակներու Սիրուած Երգեր»ով:

ԳՈՀԱՐ համոյթը անսալով իր սկզբունքին,- սատար հանդիսանալ Ա. Բ. Գ.ին եւ Հայ    մշակոյթին,-  համերգներու    տոմսերու   վաճառքէն  գոյացած ամբողջական   հասոյթը կը  նուիրէ  100    կարիքաւոր    Հայ   աշակերտներու: Մօտաւորապէս $260,000 գումարը  պիտի   գայ ամբողջացնելու՝ աշակերտներուն թոշակի     վճարումը 2015 – 2016 դպրոցական տարեշրջանին:

Համերգները կայացան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս:

«100 Տարի Ցեղասպանութենէ Վերապրած, 100 Երգով Վերածնած»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին