Ուքրանիոյ Նիքոլաեւա քաղաքի բնակիչ երիտասարդ բեմադրիչ Իլոնա Քոչարեան, Արցախի մէջ «Արմատներ» խորագիրով կարճամեթրաժ ֆիլմ նկարահանած է: Ուքրանահայ բեմադրիչը «Արցախփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ ֆիլմի անուանումը պատահական չէ ընտրուած:
«Ես արմատներով Լեռնային Ղարաբաղէն եմ: Իմ ընտանիքս 1990ականներու սկիզբը բռնագաղթած է Մարտակերտի շրջանէն, երբ ազրպէյճանական բանակը կը գրաւէր Ղարաբաղը: Իմ նպատակս էր այս փոքրիկ ֆիլմի միջոցով անգամ մը եւս արժեւորել այն ձեռքբերումները, այն հերոսական յաղթանակը, որ ունեցած է մեր ժողովուրդը: Մէկ այլ նպատակ էր` խրախուսել դիտողները հաւատարիմ մնալու իրենց արմատներուն, քանի որ եթէ մարդ կը կտրուի արմատներէն` յատկապէս օտարութեան մէջ, ան կը կորսնցնէ իր տեսակը: Թէ որքանով յաջողեցանք այս ֆիլմով արտացոլել այդ նպատակները, կը կարծեմ գնահատականներ տալու կամ ստանալու առիթներ դեռ շատ կ՛ունենամ», ըսած է Իլոնա Քոչարեան աւելցնելով, որ ֆիլմը առեւտրական չէ եւ յառաջիկային կը պատրաստուի ներկայացնելու զայն տարբեր անուանի կինոփառատօններու:
Ֆիլմի նկարահանման հիմնական աշխատանքները կատարուած են Շուշիի, իսկ որոշ դրուագներ Արցախի տեսարժան այլ վայրերու մէջ: Գլխաւոր հերոսը ծերունի է, որ պատերազմի ժամանակ կորսնցուցած է իր աւագ որդին եւ կինը: Կրտսեր որդին ընտանիքով կ՛ապրի Ուքրանիա: Ան երախաներուն հետ կու գայ Հայրենիք` հօրը համոզելու, որպէսզի իրենց հետ մեկնի: Ծերունին կը մերժէ հեռանալ Հայրենիքէն` փորձելով իր մօտ պահել նաեւ արմատներով հետաքրքրուած թոռը: Դէպքերու արագ ու հետաքրքրական զարգացումը կը ձգենք հանդիսատեսին…։
Դերասաններու կազմը 22 վայրկեաննոց ֆիլմին համար ընտրուած է Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն: Յատկանշական է, որ ֆիլմը նկարահանուած է արցախցի մասնագէտներու կողմէ, մասնաւորաբար բեմադրող օփերաթորներն են Արեգ Բալայեանը եւ Արսէն Բեգլարեանը:
Իլոնա Քոչարեանի խօսքով Ռուսիոյ մէջ արդէն սկսած են ֆիլմի փակ ցուցադրութիւնները, սակայն ան դժուարացած է յստակօրէն նշելու, թէ անիկա երբ կը ցուցադրուի Հայրենիքի մէջ: «Համոզուած եմ` շուտով», ըսած է բեմադրիչը: