Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Նախարար Լաւրով Քննադատած Է ԵԽԽՎի Արցախի Վերաբերող Որոշումը

Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանն ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, որոնք նաեւ տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս։

Ըստ News.am-ի՝ Սերկէյ Լաւրով հաստատած է, որ Ռուսիա կը պաշտպանէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու Երեւանի դիրքորոշումը: Ան վստահ է, որ կողմերը պիտի շարունակեն փոխշահաւէտ փոխզիջումներու հիմքեր մշակելու ջանքերը: Լաւրով ընդգծած է, որ Ռուսիան որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ եւ եռեակի մասնակից, կը շարունակէ աշխոյժ ու գործօն դեր խաղալ դրական արդիւնքի հասնելու առումով:

Լաւրով քննադատած է Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի՝ ԵԽԽՎի Քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի որոշումը, որով համաձայնութիւն տրուած է Ռոպըրթ Ուոլթըրի զեկոյցին: Լաւրով ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները վճռական պիտի ըլլան այն առումով, որ տագնապի լուծումը տեղի ունենայ հետեւողական ու համբերատար երկխօսութեան միջոցով:

«Հարցը իրօք շատ բարդ է», նշած է ան։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն՝ ճիշդ չէ փորձել հարցին մէջ ներքաշել այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք կը զբաղին կարգաւորմամբ, բայց այդ բանը ընելու համար միջազգային հանրութենէն իրաւասութիւն չեն ստացած:  Ան նշած է, թէ որեւէ նշանակալի արմատական քայլ, ով ալ ըլլայ նախաձեռնողը, կը վնասէ ԵԱՀԿի համանախագահներուն գործողութիւններուն:

Նախարար Նալպանտեան իր կարգին ընդգծած է, որ պաշտօնական Երեւան բարձր կը գնահատէ՝ Ղարաբաղի խնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման հարցին մէջ ռուսական կողմին եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն ջանքերը՝ հաստատելով, որ Հայաստան պիտի շարունակէ նոյն ոգիով գործել։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին