Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Անցեալ Գիշեր Արձակուած Է Աւելի Քան 800 Կրակոց

Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ 9 Նոյեմբերին եւ լոյս 10ի գիշերը, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտած է շուրջ 60 անգամ, որու ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ եւ 60 միլիմեթրանոց ականանետէ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 800 կրակոցներ:

ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին