Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

70-ամեայ Արարատ Քոնեակը Վաճառուած է 80 Հազար Սթերլինով

70-ամեայ հայկական Արարատ քոնեակը Լոնտոնի Սաթըպիս աճուրդին վաճառուած է 80 հազար Սթերլինով (աւելի քան 120 հազար տոլար), կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

Յատուկ աճուրդի առիթը Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլի մահուան 50-ամեակն էր:

Աճուրդը կազմակերպուած էր Մոնաքոյի արքայազն Ալպերի հովանաւորութեամբ: Աճուրդի կազմակերպման աջակցած էին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Մոնաքոյի դեսպան Էվելին Զենթան, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան, ՀՀ նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեան եւ Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Ալ Ուալիտը:

Աճուրդի հանուած էին Չըրչըլի կեանքի ընթացքին անոր կողմէ սիրուած խմիչքներու, սիկարներու եւ հագուստներու յայտնի վաճառանիշերու ապրանքներ, բազմաթիւ այլ իրեր:

Աճուրդի ընթացքին առաւելագոյն ուշադրութեան արժանացան քանդակագործ Օսքար Նեմոնի` Չըրչըլի կիսանդրին եւ 70-ամեայ քոնեակ` Երեւանի քոնեակի գործարանի բացառիկ հաւաքածուէն, որ տրամադրած էր Արմէն Սարգսեան:

Աճուրդին հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի ծախսուի մշակոթային ե բարեգործական նպատակներով` աջակցելու կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութեան նուազեցման, պիո-բազմազանութեան պահպանման ու անապատացման դէմ պայքարի արքայազն Ալպերի նախաձեռնութիւններուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին