Մեզի՝ հայերուս համար նորութիւն չէ հայկական եկեղեցիները իբր ախոռ, պէտքարան եւ լսած ենք նոյնիսկ իբր պոռնկատուն օգտագործուիլը թուրք ջարդարար բռնագրաւիչներու հետնորդներուն կողմէ, սակայն նորութիւնը քիւրտ թղթակիցին համար այս երեւոյթը նորութիւն ըլլալն է, այն քիւրտին, որուն նախնիները վերոնշեալ հայոց եկեղեցին ախոռի վերածող թուրքերու նախնիներուն հետ հայոց կոտորեցին, որպէսզի մեր ինչքերուն եւ կանանց տիրանան ու այդպէս ալ եղաւ, սակայն յետոյ նոյն այդ թուրքերը իրենց՝ քիւրտերուն կոտորեցին եւ երբ հիմա ալ կը շարունակեն նոյնը ընել․․․ միայն այն ատեն քիւրտ զարգացած թղթակիցին համար նորութիւն կ՛ըլլայ հայկական վանքին իբր ախոռ օգտագործուիլը։ Այդպէս է իրականութիւնը, երբ ցաւը կը պատէ ենթական, այն ատեն ան կը սկսի հասկնալ իր ցաւցուցած անձին ցաւը․․․։ Տեսնենք ե՞րբ աւելի մեծ պիտի ըլլայ այդ հասկացողութեան գիտակցութիւնը՝ առանց ցաւցնելու եւ ցաւելու․․․։
«Խմբ»
Միջնադարեան հայոց մայրաքաղաք Անիէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող՝ յայտնի Բագնայրի վանքը տեղացիները որպէս ախոռ կ’օգտագործեն:
Ըստ News.am-ի քրտական DIHA (Տիճլէ) գործակալութեան թղթակիցը եղած է Կարս նահանգի այն գիւղը, ուր կիսաւեր վիճակի մէջ իր գոյութիւնը կը շարունակէ Վահրամ Պահլաւունիի կողմէ կառուցած Բագնայրի վանքը:
Քիւրտ թղթակիցին զարմացուցած է այն իրողութիւնը, որ 989 թուականին կառուցուած վանքը թրքական պետութեան պահպանութեան տակ չէ, իսկ գիւղացիներն ալ զայն որպէս ախոռ կ’օգտագործեն:
Գիւղացիները վանքի քարերը օգտագործած են իրենց տուները, ախոռներն ու ցանկապատերը կառուցելու համար:
Թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին գիւղացիները փորձած են արդարանալ` ըսելով, թէ քանի որ պետութիւնը չի կրնար պահպանել եկեղեցին, իրենք ինչպէ՞ս պահպանեն։