Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

«ՆԱԹՕն Հայաստանի Հետ Համագործակցութեան Որեւէ Կարմիր Գիծ Չունի». Շթեֆըն Էլկերսմա

Արդէն մօտ երկու տասնամեակէ ի վեր, Հայաստան ՆԱԹՕի ծիրէն ներս անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրի անդամ է եւ որեւէ անհամատեղելիութեան հարց չկայ՝ Հայաստանի ՀԱՊԿ անդամ ըլլալու եւ ՆԱԹՕի հետ համագործակցութեան եզրեր ունենալու համար:

Ըստ Tert.am-ի լրագրողներու հարցերուն պատասխանելով ըսած է, ՆԱԹՕի միջազգային աշխատակազմի քաղաքական հարցերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բաժնի ներկայացուցիչ Շթեֆըն Էլկերսմա` «ՆԱԹՕ-Հայաստան համագործակցութիւն. նոր նպատակներ ու հեռանկարներ» քննարկման ծիրէն ներս:

«Կան բազմաթիւ այլ երկիրներ, որոնք կը հանդիսանան անվտանգութեան այլ շրջանակներու անդամ, բայց անոր հետ մէկտեղ կը շարունակեն համագործակցութիւնը ՆԱԹՕի հետ: Մենք Հայաստանի հետ ունինք բաւական լաւ քաղաքական համագործակցութիւն եւ կ’ողջունենք Հայաստանի մասնակցութիւնը ՆԱԹՕի տարածուած կարելիութիւններուն՝ Աֆղանիստանի թէ Քոսովոյի մէջ: Հայաստանի հետ նաեւ կը ծաւալենք բաւական յաջող երկխօսութիւն անվտանգութեան ոլորտի մէջ», ըսած է ան:

Այն հարցումին, թէ որն է համագործակցութեան սահմանի կարմիր գիծը, այսինքն մինչեւ ո՞ր սահմանը կրնայ համագործակցութիւն ըլլալ, ՆԱԹՕի ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Մենք մեր կողմէ ոչ մէկ կարմիր գիծեր չենք սահմաներ, չեմ տեսներ նման գիծեր, մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի համագործակցութիւնը ու մասնակցութիւնը ՆԱԹՕի առաքելութիւններուն: Մենք միասին ձեւաւորած ենք յաջող քաղաքական երկխօսութիւն»:

Այն դիտարկման, թէ Թուրքիա Հարաւային Կովկասի մէջ մեծ յաւակնութիւններ ունի եւ քանի որ կը հանդիսանայ ՆԱԹՕի անդամ, արդեօ՞ք վերջինս պիտի չփորձէ զսպել Թուրքիոյ ախորժակը, Շթեֆըն Էլկերսմա պատասխանած է, որ տրամաբանական է` Թուրքիա իր հետաքրքրութիւնները ունի Հարաւային Կովկասի մէջ, որովհետեւ ՆԱՏՕի անդամ ամենամօտ երկիրն է, որ մօտ կը գտնուի Հարաւային Կովկասին:

«Յուսով ենք, որ ժամանակի ընթացքին Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը բարելաւուին», աւելցուցած է ան:

Մէկ այլ հարցումի մը, թէ Վրաստան պիտի կարենա՞յ ՆԱԹՕի անդամ դառնալ` հաշուի առնելով չլուծուած հակամարտութիւնը, ՆԱԹՕի պաշտօնեան նշած է, թէ կու գայ պահը, որ Վրաստան կը դառնայ ՆԱԹՕի անդամ: «Կոչ կ՛ընենք, որ Վրաստան լուծէ իր հակամարտութիւնները արդէն նախանշուած եղանակով` խաղաղ ճանապարհով», ըսած է ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին