Գանատայի հեղինակաւոր George Weston recital համերգասրահին մէջ, 7 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի սիմֆոնիք նուագախումբի «Մի մոռնար զիս» խորագիրով համերգը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին:
Նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցաւ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ ջութակահարուհի Նունէ Մելիքեան, կը գրէ Panorama.am-ը:
Համերգի ընթացքին հնչեցին հայ երգահաններ Էդուարդ Միրզոյեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Արամ Խաչատրեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Վաչէ Շարաֆեանի ստեղծագործութիւնները: Ի դէպ վերջին երկու հեղինակներուն ստեղծագործութիւնները Գանատայի մէջ կատարուած են առաջին անգամ: Նուագախումբը ղեկավարած է Նուրան Արման:
22Ապրիլ 2015ին Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը ոգեկոչող մշակութային ձեռնարկ: Հայ հանրայայտ խմբավար Փիթըր Ունճեանի ղեկավարած Թորոնթոյի սիմֆոնիք նուագախումբի՝ «Արարատ. Հայաստանի երաժշտութիւն» խորագիրով համերգին որպէս մենակատարներ հանդէս եկան՝ աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան ու սոփրանօ Իզապել Պայրաքտարեան: Հնչեցին Արամ Խաչատրեանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, կատարուեցաւ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» գեղարուեստական ֆիլմի երաժշտութիւնը: Հիւրերու շարքին էին ինչպէս Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմն ու հայ համայնքի ստուար զանգուածը, այդպէս ալ Թորոնթոյի տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ Գանատայի խիղճի ազատութեան գրասենեակի տնօրէն դեսպան Էնտրիւ Պեննեթթ:
Ապրիլ 24ին Թորոնթոյի կեդրոնական Մեթրոփոլիթըն Եունայթըտ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ միջյարանուանական պատարագ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: