Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան Հանդիպած Է «Արցախ. Ապագայի Տեսլականներ» Մրցոյթի Կազմակերպիչներուն Հետ

Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 6 Նոյեմբերին ընդունած է «Արցախ. ապագայի տեսլականներ» մրցոյթի կազմակերպիչները` հրապարակախօս Տենիս Տուորնիկովին, մրցոյթի հովանաւոր Միքայէլ Տէր-Սահակեանին եւ «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեանին: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է այսպիսի նախաձեռնութիւնը` զայն համարելով երիտասարդութեան շրջանին մէջ գրական միտքի զարգացման եւ Արցախը արտաքին աշխարհին ներկայացնելու իւրատեսակ դրսեւորում` յոյս յայտնելով, որ անիկա կը կրէ շարունակական բնոյթ:

Հանդիպման կը մասնակցէին ԼՂՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին