Շաբաթ երեկոյեան «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեց՝ Ռիփաթ Արմենիա (Repat Armenia) Հասարակական կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, տեսակցութիւն մը ունենալու թերթիս գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին հետ: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Պրն. Վարդան Մարաշլեան: Անոր կ՛ընկերակցէին Թամար Նաճարեան (Integration Manager), Զարա Սիանոզովա (HR Manager, IDeA Foundation) եւ Ներսէս Իսաճանեան (իրաւաբան):
Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, որուն մաս կազմեց «Զարթօնք»ի վարչական պատասխանատու ընկ. Սարգիս Սեֆերեան, յարգելի հիւրերուն հետ քննարկուեցան կազմակերպութեան նպատակն ու գործունէութիւնը, որոնք են հայրենադարձութիւնը քաջալերել՝ սփիւռքահայ երիտասարդներու գործի կարելիութիւններ ստեղծելով Հայրենիքի մէջ, սփիւռքահայ արհեստավարժ երիտասարդը կապել Հայրենիքի մէջ հաստատուած՝ տնտեսական թէ արհեստագիտական մեծ հաստատութիւններու հետ ու անոնց ծանօթացնելով այդ հաստատութիւններուն մէջ ստեղծուած թափուր պաշտօնները, լաւագոյն ամսաթոշակներու կարելիութեամբ: Յարգելի հիւրերէն իմացանք, որ կազմակերպութեան առաքելութեան մէջ կ՛իյնայ նաեւ՝ Հայրենիք հաստատուած սփիւռքահայ ընտանիքներու գործի հաստատման ցուցմունքներ տալ:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մըն էր՝ զուգահեր եւ ամբողջական զրոյց մը ունենալու Պրն. Մարաշլեանին հետ, կազմակերպութեան աշխատանքներուն, իրագործումներուն ու հեռանկարներուն մասին (որուն յատուկ յօդուածով մը պիտի անդրադարնանք յաջորդիւ):
Հանդիպման օրակարգերուն նիւթ դարձաւ նաեւ՝ «Զարթօնք»ի միջոցաւ լայն տեղ տալու կազմակերպութեան ազգանուէր գործունէութեան տարածման, մեր կարգին եւս մեր միջոցներով մեր նպաստը բերելու՝ Հայ երիտասարդութեան հայրենադարձութեան ազնիւ նպատակին:
Աւելի ուշ հանդիպման միացան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Միքայէլ Վայէճեանն ու Repat Armenia կազմակերպութեան նախագահ Պրն. Ռաֆֆի Գասարճեանը: