«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը, 9-էն 13 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ՝ հայկական աւանդական ասեղնագործութեան աշխատանքներու հնգօրեայ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք:
Ցուցահանդէս-վաճառքը որպէս «Աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներ կանանց համար» ծրագրի կարեւորագոյն բաղադրիչ, պիտի կ՛իրականանայ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութիւն ընկերութեան (ԳՄՀԸ) Եւրոպական Միութեան՝ «Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագիրի ծիրէն ներս:
Ծրագիրի հիմնական նպատակն է` բարելաւել սուրիահայ մասնագէտներու եւ ծրագիրի անմիջական շահառու կանանց բարեկեցութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստել հայկական աւանդական ասեղնագործութեան տարածման:
Ցուցահանդէս-վաճառքին ծրագիրի մասնակից տեղաբնակ եւ սուրիահայ 30 կանայք, ներկաներուն ուշադրութեան պիտի ներկայացնեն իրենց կողմէ ծրագիրի իրականացման ընթացքին պատրաստուած Ուրֆայի, Վանի, Տանթելի եւ Նորվեկիական ասեղնագործութիւններու մօտաւորապէս 60 ինքնատիպ ու գեղեցիկ նմուշներ: Բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքէն ստացուած հասոյթը պիտի յատկացուի այդ կանանց ընտանիքներուն:
Ցուցահանդէսի ժամանակ ծրագիրի մասնակից կանանց պիտի շնորհուին հաւաստագիրներ՝ աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներուն իրենց մասնակցութեան եւ յաջողութեամբ աւարտելուն համար:
Հնգօրեայ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ 9 Նոյեմբերին, ժամը` 15.00-ին, «Հալէպ» կազմակերպութեան նորաբաց կեդրոնին մէջ (հասցէ` ք. Երեւան, Վարդանանց 8):