Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Հայաստան Պիտի Այցելէ Ռուսիոյ ԱԳ Նախարար Սերկէյ Լաւրով

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հրաւէրով, 9 Նոյեմբերին աշխատանքային այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, Երեւանի մէջ Ռուսիոյ ԱԳ նախարարը պիտի հանդիպի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Այցի ընթացքին պիտի կայանան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն բանակցութիւնները, որոնց պիտի յաջորդէ Էտուարտ Նալպանտեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի համատեղ մամուլի ասուլիսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին