Ի կատարումն Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 6րդ յօդուածի 8րդ կէտին, ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի ժամանակ` քուէարկութենէն առաջ 30րդ, 20րդ, 10րդ եւ քուէարկութեան նախորդ օրերը, ՀՀ Ոստիկանութիւնը կը հրապարակէ ՀՀ ընտրողներու տոմարներուն մէջ ընդգրկուած, քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող անձերու ընդհանուր թիւը` նշելով նաեւ իւրաքանչիւր լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընդգրկուած մասնակիցներուն թիւը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ Ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութենէն, քուէարկութենէն 30 օրեր առաջ ՀՀ ընտրողներու տոմարին մէջ ընդգրկուած հանրաքուէի մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն է 2.554.332, որմէ այլ համայնքի հաշուառում ունեցող, ըստ հաշուառման վայրի հանրաքուէի մասնակիցներու ցուցակէն ժամանակաւորապէս հանուած եւ ըստ քուէարկելու օրը գտնուելու վայրի՝ հանրաքուէի տեղամասի քուէարկողներու լրացուցիչ ցուցակ ընդգրկուած է 41 քաղաքացի, ՀՀ հաշուառում չունեցող, քուէարկութեան օրը Հայաստանի մէջ գտնուելու վայրի մօտակայ հանրաքուէի տեղամասի քուէարկողներու լրացուցիչ ցուցակ ընդգրկուած` 1, քուէարկութեան օրը հանրաքուէի տեղամասեր գործուղուող, իրենց հաշուառման վայրի քուէարկողներու ցուցակէն հանուած եւ հանրաքուէի տեղամասին մէջ քուէարկող ոստիկաններու լրացուցիչ ցուցակ ընդգրկուած` 0, բուժման մէջ եղող հիւանդանոցներու մէջ քուէարկութեան մասնակցող քուէարկողներու լրացուցիչ ցուցակ ընդգրկուած` 0: