5 Նոյեմբերի երեկոյեան հակառակորդը գնդակոծած է Տաւուշի մարզի Ոսկեւան եւ Բաղանիս գիւղերը:
Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին երկու գիւղերու գիւղապետերն ալ տեղեկացուցին, որ կրակոցները եղած են երեկոյեան ժամը 9էն 10ի միջեւ:
Ինչպէս նշեց Ոսկեւանի գիւղապետ Սերիոժա Ալեքսանեան, գիւղին էական վնասներ չէ հասած, սակայն Բաղանիսի գիւղապետ Նարեկ Սահակեան նշեց, որ վնասները կը ճշդուին:
Գիւղապետերուն փոխանցմամբ գիշերը խաղաղ անցած է` առանց կրակոցներու: Առաւօտեան եւս ամէն ինչ հանգիստ եղած է:
Նշենք, որ Բաղանիս գիւղի մերձակայքի ազրպէյճանական ստորաբաժանումները, գնդակոծած են միջպետական ճամբով անցնող բեռնատար կառքը: Ինչպէս յայտնեց Բաղանիսի գիւղապետ Նարեկ Սահակեան, գնդակոծութեան իբր արդիւնք բեռնատարի շարժիչին եւ անիւներուն վնասներ հասած են, բայց ռուս վարորդը չէ տուժած: