Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Աւստրալիոյ Մէջ Տեղադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին Նուիրուած Խաչքար

8 Նոյեմբերին Աւստրալիոյ Ուիլոուպ քաղաքին մէջ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանի բարձր հովանիի ներքոյ, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած Յիշատակի խաչքարի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւն:

Այս մասին կը  տեղեկացնէ Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Ֆէյսպուքի էջը:

Ձեռնարկը իրականացաւ Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Ուիլոուպի քաղաքային խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Աւելցնենք, որ Մայիս 2015ին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի Քաղաքային խորհուրդը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ  ընդունած էր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին