Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Գահակալութեան 16րդ Տարեդարձի Առիթով Կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք

Երէկ Կիրակի Նոյեմբեր 8ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ նշուեցաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 16րդ տարեդարձը:

Պատարագիչն էր ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան:

Պատարագի սրբազան արարողութեան ընթացքին, Մայր Տաճարի աւետաբեր ղօղանջներու ներքոյ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ուղեկցութեամբ Նորին Սրբազնութիւն Չեխիայի կարտինալ, Պրահայի արքեպիսկոպոս Տոմինիք Տուքայի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու, Մայր Աթոռի միաբանութեան, թեմակալ առաջնորդներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ բարերարներու, հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար:

Նորին Սրբութեան օծման եւ գահակալութեան 16րդ տարեդարձի բերկրալից օրուան առիթով` հաւատացեալներու երկրպագութեան համար, Մայր Տաճար բերուած էր Մայր Աթոռին մէջ պահուող Սկեւռայի հռչակաւոր մասնատուփի կրկնօրինակը, որուն մէջ ափոփուած են համաքրիստոնէական եւ հայ 15 սուրբերու մասունքներ:

Պատարագի արարողութեան աւարտին, Խաժակ Սրբազան իջման Ս. Սեղանին առջեւ քարոզ տուաւ՝ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին: «Ս. Պատարագին բերած մասնակցութեամբ մենք` Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներս, առիթ ունինք մեր գոհաբանութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու մեր Տիրոջ` իր շնորհած բոլոր բարիքներուն համար: Մենք այս Սրբութիւն սրբոցին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Աստուծոյ, որ մեզի առիթ ընծայած է հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան` Ս. Էջմիածնի յաւերժական ակունքի այս սրբազան խորաններուն առջեւ հաւաքուած, աղօթելու Ամենայն Հայոց Հայրապետի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսի գահակալութեան 16րդ տարեդարձի առիթով: Ոչ միայն աղօթելու, այլեւ մեր երախտագիտութիւնը, շնորհակալութիւնն ու շնորհաւորանքները յայտնելու Վեհափառ Հայրապետին՝ անցնող 16 տարիներու ընթացքին արձանագրուած բազում-բազում իրագործումներու համար, որոնց շնորհիւ Հայաստանի Առաքելական Ս. Եկեղեցին այս օրերուն առաւել զօրացած, Հայաստանի մէջ եւ մինչեւ Սփիւռք կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Աղօթքի եւ հոգեւոր խորհրդածութեան այս պահուն, մենք` Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները, կը վերյիշենք այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը իր խորքով քրիստոնէական է եւ իր էութեամբ հիմնուած, հաստատուած է պատմական երկու հրաշալի երեւոյթներու հիման վրայ: Առաջինը, որ տեղի ունեցաւ Բեթղեհեմի խոնարհ մսուրի մէջ, երբ աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ, Աստուծոյ Միածին Որդին ծնունդ առաւ` փրկելու ամբողջ աշխարհը: Այդ հրաշալի եղելութիւնը փոխեց համայն մարդկութեան պատմութիւնը, իսկ երկրորդը տեղի ունեցաւ ճիշդ այստեղ: 1714 տարի առաջ, երբ Քրիստոս Լուսաւորիչի տեսիլքով յայտնուեցաւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, հայը ուխտեց հետեւիլ եւ աշակերտել Քրիստոսին` իբրեւ Տէր եւ փրկիչ, իբրեւ ճանապարհ եւ ճշմարտութիւն ունենալով Միածինին: Ազգի եւ Քրիստոսի հաւատքի միաւորումը, միասնականութիւնը ծնունդ տուաւ հայ քրիստոնեայ մշակոյթին: Այն հարուստ մշակոյթին, որ փառք Աստուծոյ մենք` հայ ժողովուրդի զաւակներս, կը վայելենք մինչեւ այսօր:

Մեր աւանդութեան մէջ Հոկտեմբեր ամիսը կը հռչակենք հայ մշակոյթի ամիս, քանի որ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Հոկտեմբեր ամսուն կը տօնախմբենք մեր Եկեղեցւոյ ամէնէն կարեւոր տօներէն մէկը` Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Կը յիշենք Մեսրոպ Մաշտոցին, որ այդ օրերուն Կաթողիկոս Ս. Սահակի ջանքերով ու քաջալերանքով կատարեց հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր գիւտը` հայ այբուբենի արարումը: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց իր շուրջը համախմբեց երիտասարդ հայ հոգեւորականներուն, վարդապետներուն` թարգմանչաց այդ սքանչելի խումբը: Եւ այդ սերունդն էր, որ Աստուծոյ խօսքը` Աստուածաշունչը վերածեց հայերէնի: Այդ օրերը` 5-րդ դարու սկզբնական շրջանը, մեր պատմութեան ամենաճակատագրական, քաղաքական իմաստով ամէնէն դժուարինն էին: Հայաստանը բաժնուած էր, եւ արտաքին ուժերու դէմ հայ ժողովուրդը չուներ միասնական ուժ, որ կարողանար պայքարիլ: Ահաւասիկ այդպիսի ճակատագրական պահուն Մեսրոպ Վարդապետը, իր շուրջ հաւաքելով թարգմանիչ վարդապետներու սերունդը, ստեղծեց հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր շրջանը` Ոսկեդարը, որուն միջոցով հայը ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ ազգային իմաստով կարողացաւ զգալ միասնականութիւնը: Ոսկեդարի ճանապարհով հայու համար սեփական ինքնութիւնը յստակ դարձաւ` հիմնուած Քրիստոսի հաւատքի եւ ազգային կեանքի գիտակցութեան վրայ: Քրիստոսը, հաւատքը, Հայրենիքը, ազգը եւ ազգային գիտակցութիւնը միաւորուելով` կազմեցին հայոց ինքնութիւնը: Այդ ոգին է, որ 5րդ դարուն ուժ տուաւ Մեծ Զօրավար Վարդանին, Ղեւոնդ Քահանային եւ իրենց հետեւող հայ ժողովուրդի զաւակներուն պարսիկ հսկայական բանակին ըսելու` «Մեր հաւատքէն ոչ մէկ ուժ կարող է մեզ բաժնել»: Այս յայտարարութեան հիմքը հայ ժողովուրդի ինքնութեան գիտակցութենէն կը բխի, եւ Հայ Եկեղեցւոյ ճանապարհով Ոսկեդարի այդ առաքելութիւնը շարունակական մնաց մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս` եւ՛ Հայաստանի մէջ, եւ՛ Սփիւռքի: Իսկ Հայ Եկեղեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ղեկավարութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, մնաց ռահվիրան ու առաջնորդը` պահելու եւ պահապանելու այդ ոգին», նշեց պատարագիչ Սրբազանը իր խօսքին մէջ:

Յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան, իր շնորհաւորանքի խօսքը ուղղելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աթոռի 132րդ գահակալին, Սրբազան Հայրը մասնաւորաբար աւելցուց. «Վեհափա՛ռ Տէր, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Դուք Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ մեր երջանկայիշատակ Հայրապետներու արժանաւոր յաջորդը, անցնող 16 տարիներու ընթացքին կը շարունակէք այդ առաքելութիւնը: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Ձեր իմաստութեամբ, տեսիլքով ու անձանձրոյթ աշխատանքով, յարատեւօրէն այստեղ` Մայր Աթոռի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կ’ամբողջանան այն սքանչելի ծրագիրները, որոնց շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցի ոգին` ոսկեդարի հայոց ինքնութիւնը, մեր օրերուն կը շարունակուի հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Բնականաբար մենք գիտենք, որ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր մեր ժողովուրդի առջեւ ծանրացած են բազամաթիւ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ: Եւ Դուք Վեհափա՛ռ Տէր, Ձեր յարատեւութեամբ ու Ձեր խորունկ իմաստութեամբ, ջանասէր աշխատասիրութեամբ կը ձգտիք Հայ Եկեղեցիի սպասաւորներուս ցոյց տալ` ինչպէս յաղթահարել դժուարութիւնները, Հայ Եկեղեցին Հայաստանի մէջ եւ մինչեւ Սփիւռք առաջնորդելով աւելի զօրացման ու առաքելութեան առաւել աշխուժացած տարածման՝ մանաւանդ մեր երիտասարդ սերունդի կեանքէն ներս:

Վեհափա՛ռ Տէր, Ձեր գահակալութեան 16րդ տարեդարձի առիթով մենք բոլորս կ’աղօթենք Ձեզի համար, որպէսզի Տէրը Ձեզ ամուր եւ զօրաւոր պահէ ու Ձեր այդ յարատեւութիւնը մշտապէս մնայ Ձեր մէջ, եւ այդ ոգիով շարունակէք առաջնորդել Հայ Եկեղեցին»:

Այնուհետեւ իջման Ս. Սեղանի առջեւ, հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռի ամէնէն երէց միաբաններէն Գերաշնորհ Տ. Ոսկան արքեպիսկոպոս Գալփաքեանի, կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին ներկաները աղօթեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան եւ պայծառութեան ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կեանքի արեւշատութեան ու արգասաւոր հովուապետութեան համար:

8-1

8-2

8-3

8-4

8-5

8-6

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին