ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Քանի որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն դարձած են աւելի լարուած, ռազմավարական դաշինքէն անցնելով բացայայտ թշնամութեան, ապա շատ վերլուծաբաններ սկսած են զարմանալ Իսրայէլի կառավարութեան ոչ բնորոշ զուսպ արձագանգին վրայ` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հակասեմական ելոյթներուն եւ հակաիսրայէլեան գործողութիւններուն նկատմամբ:
Այս պայմաններուն մէջ հայերը եւ անոնց կողմնակիցները զարմացած են վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուի շարունակական մեղսակցութեան` թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման եւ Քնեսեթի (խորհրդարան) մէջ անոր ճանաչման արգելափակման գծով:
Միջին Արեւելքի որոշ փորձագէտներ երկու բացատրութիւն ունին Իսրայէլի տարօրինակ դիրքորոշման վերաբերեալ.
1) Հակառակ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ առերեւոյթ ատելութեան` երկու երկիրները կը շարունակեն իրենց հետախուզական տուեալներու գաղտնի փոխանակումը եւ զէնքի առեւտուրը:
2) Ազրպէյճան` Թուրքիոյ կրտսեր եղբայրը, թշնամական դեր ստանձնած է ճնշելով Իսրայէլի վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու համար, որպէս լծակ օգտագործելով իսրայէլեան յառաջացած զէնքի միլիառաւոր տոլարներու գնումը` Իսրայէլին ապահովելով խիստ անհրաժեշտ նաւթամթերքներով եւ տրամադրելով Ազրպէյճանի մէջ ռազմակայան` Իրան ներթափանցելու եւ լրտեսելու, որուն հետ ան ունի 700 քմ. սահման:
Իսրայէլի կառավարութիւնը Ազրպէյճանի թելադրանքներուն նկատմամբ այնքան գերզգայուն դարձած է, որ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի Երուսաղէմ կատարած այցի ժամանակ, հակառակ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի դժկամութեան, պարոն Նալպանտեան կրցաւ հանդիպիլ Իսրայէլի նախագահին հետ:
«Երուսաղէմ փոսթ» թերթի 1 Նոյեմբերի թիւին մէջ յօդուած մը լիովին ցոյց կու տայ Իսրայէլի` Ազրպէյճանին հաճոյանալու աստիճանը: Այն ժամանակ, երբ արեւմտեան խումբերուն մեծ մասը, ներառեալ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ), հրաժարեցաւ դիտորդ ուղարկել Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Պաքուի կիրառած սահմանափակումներուն պատճառով, Իսրայէլի Քնեսեթի չորս անդամներ շտապեցին Ազրպէյճան` ցոյց տալու իրենց աջակցութիւնը Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգին…։ Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար, այժմ Իսրայէլ-ազրպէյճան խորհրդարանական խումբի նախագահ Աւիկտոր Լիպերմանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին՝ ԱՄՆ-ի մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպան Մայքըլ Օրէնը, Սոֆա Լանտվըրը եւ Եոէլ Ռազպոզովը:
«Երուսաղէմ փոսթ»ը կը հաղորդէ, որ Լիպըրման որպէս արտաքին գործոց նախարար, «աշխատած է ամրապնդել Իսրայէլի կապերը Ազրպէյճանի հետ», եւ մէջբերած է Պաքուի մէջ ըսած անոր խօսքերը, որ ան «Իսրայէլի համար կարեւոր երկիր է եւ լաւ բարեկամ… նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան ժամանակ, Ազրպէյճանը յայտնի էր հրէական համայնքի նկատմամբ իր լաւ վերաբերմունքով, եւ այնտեղ հակասեմիթիզմ չկայ: Մենք պէտք է շարունակենք ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ»: «Ազերնիւզ» գործակալութիւնը եւս մէջբերած է Ընտրական լրատուական կեդրոնին յայտնած անոր խօսքերը, որ Ազրպէյճան «կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան, կայունութեան եւ յաջող արտաքին քաղաքականութեան օրինակ»: Նման անհեթեթ եւ կեղծ յայտարարութիւնները անընդունելի են իրազեկ մարդոց մեծ մասին կողմէ:
Հետաքրքրական է, թէ ինչո՞ւ նախկին արտաքին գործոց նախարարը այդքան շահագրգռուած է արդարացնելու Ազրպէյճանի անցեալի եւ ներկայիս հակասեմիթիզմը: Պաքուէն Քնեսեթի չորս անդամներու վերադարձէն ետք, անոնց պէտք է խնդրել բացայայտել այն շռայլ նուէրները, որոնք անոնք հաւանաբար ստացած են որպէս երախտիքի նշան՝ Ազրպէյճանի անարդար ընտրութիւնները կուրօրէն վաւերական ճանչնալու համար: Զարմանալի չէ, որ Ալիեւ պահպանեց իր վերահսկողութիւնը իշխանութեան վրայ` շարունակելով անոր տիրող կուսակցութեան մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ, մինչ հիմնական ընդդիմութիւնը պոյքոթեց նախորդ Կիրակի օրուան ընտրութիւնները:
«Երուսաղէմ փոսթ»ը հաղորդեց, որ «Ազրպէյճան կը համարուի ամենամտերիմ մահմետական երկիրը Իսրայէլի համար, եւ երկու երկիրները ունին սերտ կապեր ու նշանակալից առեւտուր: Ազրպէյճանը Իսրայէլի ամենամեծ քարիւղային մատակարարն է, եւ ապրանքաշրջանառութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ հասած է 5 միլիառ տոլարի, աւելի քան Ֆրանսայի հետ: Վերջին տարիներուն Լիպըրման, այն ժամանակուան նախագահ Շիմոն Փերես եւ պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն ալցելած են Պաքու»:
Ձեռնամուխ ըլլալով քարիւղ զէնքի դիմաց քաղաքականութեան՝ Իսրայէլի պաշտօնեաներուն շատ յարմար է անտեսել Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները, խօսքի ազատութեան բացակայութիւնը եւ լրագրողներու ու հասարակական գործիչներու, որոնց շարքին Պաքուի Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկի ղեկավար Լէյլա Եունուսի եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հետաքննող լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի ազատազրկումը:
Թէեւ ինչ-որ չափով հասկնալի է, որ Իսրայէլ եւ Ազրպէյճան կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը՝ անկախ անկէ, թէ որքան դատապարտելի են միջոցները, սակայն Հայաստան եւս պէտք է հետամուտ ըլլայ իր ազգային շահերուն եւ հակազդէ որեւէ երկրի գործողութիւններուն, որոնք կը սպառնան անոր անվտանգութեան եւ հարցականի տակ կը դնեն Ցեղասպանութիւնը: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է յստակօրէն հասկցնէ Իսրայէլի պաշտօնեաներուն, որ Ազրպէյճանին բազմամիլիառ տոլարներու ժամանակակից զէնք վաճառելով, անոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն հազարաւոր հայերու կեանքը վտանգելու համար: Ազրպէյճանցի պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն կը յայտարարեն, որ Իսրայէլէն ձեռք բերուած զէնքով անոնք նպատակ ունին յարձակելու Արցախի եւ Հայաստանի վրայ:
Վերջապէս Հայաստան պէտք է զգուշացնէ Ազրպէյճանին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան անոր անտեղի ժխտումները եւ այլ երկիրներու, ինչպէս օրինակ Իսրայէլի վրայ ճնշումները` իր ժխտողական գործերուն միանալու համար, աւելի կը թշնամացնեն հայերը` անհնար դարձնելով որեւէ զիջումի երթալու Արցախեան հակամարտութեան հարցով:
TheCaliforniacourier.com