Հարաւային Սուտանի մէջ կործանուած ԱՆ-12 օդանաւի անձնակազմի 5 անդամներուն մարմինները Հայաստան պիտի տեղափոխուին:
NEWS.am-ի տեղեկութիւններով` մարմիններուն տեղափոխութիւնը իր վրայ վերցուցած է օդանաւը վարձակալած Allied Service Limited սուտանական ընկերութիւնը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է վթարի հետեւաքով զոհուած հայկական անձնակազմի անդամներուն անունները:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու` Հարաւային Սուտանի մէջ վթարի ենթարկուած բեռնատար օդանաւի անձնակազմին անդամներ են. Գէորգ Թովմասեան (հրամանատար), Սամուէլ Համբարձումեան (երկրորդ օդաչու), Սամուէլ Մկրտչեան (մեքենագէտ), Արմէն Անտոնեանը եւ Սուրէն Պետրոսեանը (aviation technician):
ԱՆ-12 օդանաւը կը պատկանէր Asia Airways, որ տաճիկիստանեան հանրապետութեան մօտ արձանագրուած ընկերութիւն մըն է:
Օդանաւը կործանած է Ջուպայի օդակայանէն մեկնելէն որոշ ժամանակ անց: Ականատեսները կը պնդեն, որ օդանաւը կործանած է օդակայանէն մօտ 800 մ. հեռաւորութեամբ: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, 2 մարդ ողջ մնացած է, որոնցմէ մէկը երեխայ է: Հակառակ սկզբնական տեղեկութիւններուն, որ ինքնաթիռին մէջ եղած է անձնակազմի 5 անդամ ու 7 ուղեւոր, ականատեսները կը յայտնեն, որ կործանման վայրին մէջ մօտ 40 դի կայ: