Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Հակառակորդը ՊԲ Զօրամասերու Ուղղութեամբ Կրակած է Ականանետերէ

4 Նոյեմբերի եւ լոյս 5ի գիշերը, ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտած է շուրջ 60 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1000 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի (ՊՆ) մամուլի ծառայութենէն:

Բացի տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ազրպէյճանական բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային հատուածին տեղակայուած զօրամասերու ուղղութեամբ կիրառած են 82 միլիմեթրանոց ականանետ` արձակելով 7 արկ:

Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջին գիծին վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական պարտականութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին