Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Մոսկուա-Երեւան Հանրակառքի Վթարէնի Զոհուածներուն Մարմինները Երեւան Պիտի Տեղափոխուին

Մոսկուայի մէջ Երեւան–Մոսկուա հանրակառքի վթարի հետեւանքով ձեւաւորուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստին որոշուած է, որ Հայաստան տեղափոխուին վթարուած հանրակառքի 8 զոհերուն մարմինները, ինչպէս նաեւ այն տուժածները, որոնց բժիշկները թոյլ կու տան օդանաւ նստելու:
Այս մասին Tert.am–ին յայտնած են Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան մամուլի ծառայութիւնը, մանրամասնելով. «Ռուսաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան (ԱԻՆ) կողմէ պիտի տրամադրուի համապատասխան օդանաւ, եւ չուերթը պիտի կազմակերպուի: Բացի զոհուածներուն մարմիններէն, պիտի տեղափոխուին նաեւ այն տուժածները, որոնց բժիշկները թոյլ կու տան օդանաւ նստիլ, հիմնականօրէն այն տուժածները, որոնք երէկ գիշերած են Թուլայի «Արմենիա» հիւրանոցը:

Չուերթը պիտի իրականանայ Մոսկուայի ժամանակով ժամը 16-ին (Երեւանի ժամանակով ժամը 17-ին):
Նշենք, որ միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստին մասնակցած է նաեւ Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Օլեգ Եսայեան: Նիստին քննարկուած են այլ հարցեր եւս, մասնաւորաբար որոշուած է, որ այն քաղաքացիները, որոնք ցանկութիւն կ’ունենան իրենց բուժումը շարունակելու Մոսկուայի մէջ, անոնց տրուի այդպիսի հնարաւորութիւն:

Լուծուած է նաեւ այն քաղաքացիներուն հարցը, որոնք վթարի ժամանակ կորսնցուցած են իրենց փաստաթուղթերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին