Հարաւային Սուտանի մէջ Նոյեմբեր 4-ին կործանած ԱՆ-12 օդանաւի անձնակազմին զոհուած անդամներէն հինգը ՀՀ քաղաքացիներ են: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան «Ֆէյսպուք»ի էջը: «Եգիպտոսի ՀՀ դեսպանութեան նախնական տուեալներով` ջախջախուած բեռնատար ինքնաթիռի անձնակազմին զոհուած անդամներէն հինգը ՀՀ քաղաքացիներ են: Զոհերուն ինքնութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւն կը տրամադրուի յետագային», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յայտնի դարձած է նաեւ, որ օդանաւը կ՛օգտագործուէր տաճիկական Asia Airways ընկերութեան կողմէ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»ը կը տեղեկացնէ, վկայակոչելով ՀՀ ԿԱ Քաղաքացիական աւիացիայի (օդանաւորդութեան) գլխաւոր վարչութեան (ՔԱԳՎ) մամուլի ծառայութիւնը, անձնակազմի զոհուած անդամները ՀՀ ՔԱԳՎ կողմէ օդաչուական անձնակազմի արտօնագրուած մասնագէտներ չեն: Ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներ տեղեկատուութիւն տարածած էին, որ Հարաւային Սուտանի մէջ կործանած ռուսական բեռնատար օդանաւը արձանագրուած է Հայաստանի մէջ եւ կը պատկանի հայկական ընկերութեան մը:
Նոյեմբեր 4-ին «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ օդանաւը ինկած Է օդակայանէն 800 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Ուկանտայի մէջ Ռուսաստանի դեսպանութիւնը, որ կը զբաղի Հարաւային Սուտանի գործերով, հաւաստած Է ԱՆ-12-ի կործանման փաստը՝ աւելցնելով, որ կը զբաղին պատահարի հանգամանքները պարզելով: Ականատեսներու վկայութեամբ 40-է աւելի մարմիններ կան փոխադրական օդանաւի կործմանման վայրին մէջ:
Իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու խօսքով` օդանաւին մէջ եղած են մօտաւորապէս քսան մարդիկ, որոնց մէջ 10էն մինչեւ 15 ուղեւորներ եւ ռուսական անձնակազմի հինգ անդամներ: Թէ քանի մարդ զոհուած է բեռնատար օդանաւի կործմանման հետեւանքով չի հաղորդուիր: Նախնական տուալներով ողջ է մնացած է երկու մարդ` անձնակազմի անդամներէն մէկը եւ երախայ մը: