Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Հայկազեան Համալսարանի Գործունէութիւնը Հպարտութեան Զգացում Կը Պարգեւէ Իւրաքանչիւր Հայու Սերժ Սարգսեան

Հայկազեան համալսարանի աւելի քան կէսդարեայ հայրենանպաստ ու հայապահպան գործունէութիւնը, հպարտութեան զգացում կը պարգեւէ իւրաքանչիւր հայու: Այս մասին ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ ընդունած է Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած է ուսանողներու փոխանակման եւ փոխայցելութիւններու ծրագիրներու իրագործումը, որ սփիւռքահայ ուսանողներուն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) եւ Հայաստանի այլ գիտակրթական հաստատութիւններու մէջ մասնագիտանալու հայագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան, ինչպէս նաեւ արաբագիտութեան ասպարէզներու մէջ, իսկ Հայաստանի ուսանողներուն Սփիւռքը անմիջականօրէն ճանչնալու եւ ընտրած ոլորտի մէջ մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերելու:

Զրուցակիցները ջերմութեամբ յիշած են 2012ին ՀՀ նախագահի Լիբանան կատարած պաշտօնական այցի շրջանակներուն մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը Հայկազեան համալսարան:

Հանրապետութեան նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ մշտապէս պատրաստ են օժանդակելու Հայկազեան համալսարանին, երբ կրթօճախը անոր անհրաժեշտութիւնը ունենայ:

Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին ջերմ հիւրընկալութեան, Հայկազեան համալսարանի նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքի, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ հետեւողականօրէն իրականացող պետական քաղաքականութեան համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին