Նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուլայի շրջանին մէջ «Տոն» ճանապարհին վրայ, Մոսկուայէն Երեւան ժամանող հանրակառքի վթարի կապակցութեամբ 3 Նոյեմբերին ցաւակցական ուղերձ յղած է եւ շարք մը յանձնարարականներ տուած պատկան մարմիններուն:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` նախագահի ցաւակցական ուղերձին մէջ մասնաւորաբար ըսուած է.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Խոր ցաւով տեղեկացայ Թուլայի շրջանում Մոսկուայից Երեւան ժամանող աւտոպուսի վթարի եւ անդառնալի հետեւանքների մասին: Այս գիշեր մեծ կորուստ կրեց մեր ողջ ժողովուրդը, մեզնից իւրաքանչիւրը: Այս ծանր պահին իմ ցաւակցութիւնն ու վշտակցութիւնն եմ յայտնում զոհուածների ընտանիքներին, հարազատներին եւ մերձաւորներին: Բոլոր վիրաւորներին մաղթում եմ շուտափոյթ ապաքինում»:
Մոսկուայէն Երեւան ժամանող հանրակառքի վթարի կապակցութեամբ, Հանրապետութեան նախագահը իրաւասու իրաւապահ մարմիններուն յանձնարարած է անյապաղ նախաձեռնել անհրաժեշտ իրաւական ընթացակարգեր` իրենց իրաւասութեան ծիրէն ներս վթարին առնչուող հանգամանքները պարզելու համար` ապահովելով Ռուսաստանի Դաշնութեան համապատասխան մարմիններու հետ համագործակցութիւնը:
Սերժ Սարգսեան իրաւասու մարմիններուն յանձնարարած է նաեւ կարճ ժամկէտներու մէջ վթարի պատճառներուն եւ աւելի լայն ու համալիր ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ՝ ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն միջպետական հանրակառքերու փոխադրումներու անվտանգութեան աստիճանը էապէս աւելցնելու ծրագիր:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան յանձնարարուած է միջոցներ ձեռնարկել՝ զոհուածներու եւ տուժածներու ընտանիքներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ ծաւալով բժշկական օգնութիւն կազմակերպելու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ երէկ՝ 3 Նոյեմբերին` տեղական ժամանակով ժամը 03.10-ին, Թուլայի տարածաշրջանի Ուզլովսքի քաղաքին մօտ, Մոսկուայէն Երեւան եկող հանրակառքը դեռ չբացայայտուած հանգամանքներով դուրս եկած է երթեւեկելի մասէն եւ շրջուած: Կայ երկու հիմնական վարկած` կամ վարորդը քնացած էր ղեկին, կամ վթարի պատճառը տեխնիկական անսարքութիւնն է:
«Հանրակառքին մէջ եղած են 63 մարդիկ: Ենթադրաբար բոլորը Հայաստանի քաղաքացիներ են: Վիրաւորուած են 47ը, 8 հոգի ալ զոհուած է», ըսուած է նախնական հաղորդագրութեան մէջ։ Աւելի ուշ հաստատուեցաւ, որ վիրաւորներու շարքին մէջ եղող քաղաքացի մը եւս մահացած է՝ զոհերուն թիւը բարձրացնելով 9ի: