Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) պատուիրակութիւնը Լիբանան այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00ին գտնուեցաւ «Զարթօնք»ի խմբագրատուն, հանդիպում ունենալու թերթիս գլխաւոր խմբագիր՝ Սեւակ Յակոբեանին հետ:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, իսկ անոր մաս կը կազմէին Դոկտորներ՝ Կարէն Գրիգորեան, Արտակ Մովսիսեան եւ Գեղամ Պատալեան: Յարգելի հիւրերուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Տեղեկատուութեան Բաժնի պատասխանատու Պրն. Ռաֆֆի Տէմիրճեան:
Գործնական եւ շահեկան մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած հանդիպման, ներկայ էր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեան, իսկ «Զարթօնք»ի կողմէ մաս կազմեց նաեւ թերթիս վարչական պատասխանատու ընկեր Սարգիս Սեֆերեան:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին՝ սփիւռքահայ ուսանողութեան հայագիտական ուսումնառութեան հետ առնչուող Երեւանի Պետական Համալսարանին մշակած կենսական ծրագիրները: Հետաքրքրական էր իմանալ հայրենի պատմական այս հաստատութեան տրամադրած միջոցներուն մասին, որոնք կը ձգտին առաւելագոյնս օգտակար հանդիսանալ սփիւռքահայ քատրերու պատրաստութեան աշխատանքին (որոնց մասին թերթիս մէջ հանգամանօրէն պիտի անդրադառնանք յառաջիկայ օրերուն):
Քննարկուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ գործակցութեան մնայուն ու գործնական բնոյթի մեքանիզմ մը ստեղծելու պարագան:
* * *
Նշենք, թէ Երկուշաբթի երեկոյեան Լիբանանի Հայոց Առաջնորդարանէն ներս հանդիպում մը կազմակերպուած էր հայրենի հիւրերուն հետ, որուն ներկայ եղած էին գաղութիս բաղկացուցիչ քաղաքական, կրօնական, մշակութային ու կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները:
Հանդիպման ընթացքին յարգելի հիւրերը ներկայացուցին իրենց ծրագիրները, մինչ ներկաները լուսաբանուեցան եւ առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու, նաեւ առաջարկներ ներկայացնելու քննարկուող հարցերուն շուրջ պատուիրակութեան անդամներուն:
Հանդիպումին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան սրբազանը: