Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Հայաստան Մտադիր Է Ընդլայնելու Խաղաղապահ Գործունէութիւնը. Սամուէլ Մկրտչեան

Հայ խաղաղապահներու գործունէութիւնը միջազգային հանրութիւնը կ՛ընկալէ դրական, իսկ անոնց արհետսավարժութիւնն ու զինուորական մասնագիտական մակարդակը կը գնահատուին ըստ արժանւոյն: Այսպիսի տեսակէտ յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ սպառազինութիւններու վերահսկման եւ միջազգային անվտանգութեան վարչութիւն պետ Սամուէլ Մկրտչեան:

«Արմէնփրես»-ի հարցին ի պատասխան, Մկրտչեան շեշտած է, որ Հայաստան մտադիր է շարունակելու եւ զարգացնելու իր խաղաղապահ առաքելութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս:

«Համագործակցութեան վերջին օրինակներից էր Լիբանանում հայ խաղաղապահների տեղեկայումը, որն իրականացւում է ՄԱԿ-ի շրջանակում: Մալիում ունենք մէկ շտաբային սպայի մասնակցութիւն: Առայժմ քննարկումները շարունակւում են ՄԱԿ-ի եւ այլ գործընկերների հետ, որպէսզի կողմերը գտնեն այն ճիշտ ոլորտը եւ ունենան այն կարողութիւնները, որը հնարաւորութիւն կը տայ իրականացնել խաղաղապահ առաքելութիւն»,- ըսած է Սամուէլ Մկրտչեան:

ՀՀ ԱԳՆ ներկայացուցիչը շեշտած է, որ այժմ Հայաստան աշխոյժ կերպով կ՛աշխատի ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան տնօրինութեան հետ, եւ ատոր ծիրէն ներս հայ խաղաղապահները ձեռք կը բերեն նոր կարողութիւններ ու հմտութիւններ: «Խաղաղապահութիւնը, որպէս երեւոյթ, ձեւափոխումների է ենթարկւում եւ անհրաժեշտ են նոր գաղափարներ եւ պահանջներ, եւ այդ ուղղութեամբ մենք աշխատում ենք ՄԱԿ-ի հետ, որպէսզի կարողանանք, առաջին հերթին մենք  վերապատրաստուենք, ձեռք բերենք այդ կարողութիւնները, ինչը մեզ հնարաւորութիւն կը տայ ապագայում մասնակից դառնալ այլ խաղաղապահ գործողութիւններին»,- ըսած է Մկրտչեան:

Խօսելով հայ խաղաղապահներու մասնագիտական կարողութիւններու մասին` Մկրտչեան յիշեցուցած է, որ 2004-ին, երբ Հայաստան առաջին անգամ  կը ներգրաւուէր նման առաքելութեան բնագաւառ, հայ խաղաղապահները Քոսովոյի մէջ յայտնուեցան միջհամայնքային բախումներու կիզակէտին եւ շատ լարուած իրավիճակի մէջ կրցան ցոյց տալ մասնագիտական պատրաստուածութիւն եւ պատուով գործեցին բաւական նուրբ իրավիճակի մէջ:

2004 թուականէն սկսեալ Հայաստան ՆԱԹՕ-ի եւ ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութեան ծիրեն ներս խաղաղապահ առաքելութիւն կ՛իրականացնէ աշխարհի թէժ կէտերու մէջ: Այս ընթացքին Հայաստան ստանձնած է նաեւ միջազգային անվտանգութեան պահպանողի դերակատարութիւնը` խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնելով Քոսովոյի, Աֆղանիստան, Լիբանանի, Մալիի մէջ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին