«Պարո՜ն, ե՞րբ պիտի ծպտուինք…», ուրախալի բացագանչութեամբ արտայայտուեցաւ աշակերտը: Ու յանկարծ դասավերջի զանգը հնչեց՝ Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանին, Ուրբաթ 30 Հոկտեմբեր ժամը 1:30-ին, ազդարարելով տօնական միջոցառման սկիզբը:
Ամէն կողմ եռուզեր, վազվզուք, խանդավառ ու բարձր տրամադրութեան ձայներ…մէկ խօսքով՝ լիցքաթափում: Աշակերտները կը հագուէին իրենց հետ բերած տեսակաւոր ծաղրահագուստներ, իրենց երեսը կը շպարէին բազմագոյն նախշերով, ապա կազմ պատրաստ կը սպասէին իրենց կարգը՝ բեմ բարձրանալու եւ ներկայացնելու իրենց բնատուր տաղանդը:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ միջնակարգ գ. դասարանի աշակերտուհի Սարին Սարգիսեան, ուր ան հակիրճ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին ու հաճելի ժամանց մաղթեց բոլորին:
Խանդավառ երաժշտութեան ներքոյ հերթով բեմ բարձրացան վարժարանիս աշակերտները, իւրաքանչիւր դասարան իր կարգին ներկայացնելով պատրաստած երաժշտական բեմադրութիւնը, պարը, երգը ու տարբեր կերպարներով հագած իրենց հագուստներու ցուցադրութիւնը: Ներկայ էին նաեւ աշակերտներու ծնողներ:
Իսկ վարժարանիս մանկապարտէզի փոքրիկները անմասն չմնացին սոյն միջոցառման ու իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին: Անոնց համար մեծ հաճոյք էր ծպտուիլը եւ տեսնել իրենց դասընկերները տարբեր կերպարներով։ Մանկամսուր, բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարանի աշակերտները երգելով ու պարելով հաւաքուեցան խաղավայր, ուր տեղի ունեցան խաղեր եւ կերպարներու ցուցադրութիւն։ Այս արտակարգ սակայն հաճելի տօնակատարութեան աւարտին փոքրիկներուն հրամցուեցան շաքարներ։
Միջոցառման վերջաւորութեան վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շէմէմեան-Նաճարեան խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտութեան այս խանդավառ մթնոլորտը ստեղծելու համար: Ապա անդրադարձաւ այն միտքին, որ վարժարանիս աշակերտները ոչ միայն ուսում առնել գիտեն, այլ նաեւ օժտուած են ստեղծագործ ոգիով արարելու եւ նոր մտայղացումներ յառաջացնելու :
Լուսանկարները խօսուն վկան են տօնական միջոցառման: