Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Երախտագիտական Խօսք «ԳՈՀԱՐ»ի Հիմնադիր Պրն. Յարութիւն Խաչատուրեանին

Հինգշաբթի 29, Ուրբաթ 30, Շաբաթ 31 Հոկտեմբեր եւ Կիրակի 1 Նոյեմբեր 2015 թուականները, իրենց իւրայատուկ եւ անփոխարինելի նշանակութիւնն ու դրոշմը ունեցան լիբանանահայութեան եւ յատկապէս «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան անդամներուն կեանքին մէջ:

«100 տարի Ցեղասպանութենէն վերապրած, 100 երգով վերածնած» նշանաբանով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մէկ ու կէս միլիոն անշիրիմ հայ նահատակներու անմոռաց յիշատակին նուիրուած՝ բարձրարուեստ ելոյթներով  հանդէս եկաւ «Գոհար» երգչախումբն ու սիմՖոնիկ նուագախումբը:

Հայ մեղեդիին, հայ գիրին ու հայ տառին փոխանցման մէջ «Գոհար»ի հիմնադիր Յարութիւն Խաչատուրեան, վեհանձն մտածումը ունեցաւ նաեւ տրամադրելու 350 անվճար տոմսեր՝ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ընկերային բարգաւաճման ծրագիրին մաս կազմող, տեղահան սուրիահայ եւ զանոնք հիւրընկալող լիբանանահայ ընտանիքներու անդամներուն:

Հրաւէր տոմսերէն անկախ ան նաեւ ապահովեց չորս օրերու վրայ   երկարող փոխադրութիւնը:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան անունով կ՛ուզենք արտայայտել մեր ջերմ շնորհակալութիւնները պրն. Խաչատուրեանին՝ իր մեծահոգի վերաբերմունքին համար:

Վարձքդ Կատար Պրն. Խաչատուրեան:

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկի Տնօրէնութիւն

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին