Սուրիոյ մարդասիրական կարիքի մէջ գտնուողներու վիճակի մասին տրուած ՄԱԿի կողմէ տրուած հետեւեալ տեղեկութիւնները ինքնին խօսուն են, որ քաղաքական լուծումի շուտափոյթ կարիքէ անդին, կ՛ահազանգէ հոն արագօրէն վատթարացող մարդկային իրավիճակին մասին, որ խորապէս կը մտահոգէ լիբանանցիները, որովհետեւ Լիբանանը արդէն իր ուժերէն վեր եղող թիւով սուրիացի գաղթականներ ընդունած է, իսկ ասկէ աւելին պարզապէս ողբերգական պիտի ըլլայ երկրին համար։ Մաղթենք, որ աւելի չվատանայ Սուրիոյ մարդկային աղիտալի վիճակը, որ մարդկային խիղճին վրայ ծանր ազդող իր բարոյական ողբերգութենէն անդին անխուսափելիօրէն պիտի հարուածէ Լիբանանը ամէն կողմերով, իսկ քաղաքական ամենաշուտ լուծումի մասին խօսիլը պարզապէս ցանկութիւն է, որ սակայն գիտենք, թէ մեծերու շահերէն եւ … քմահաճոյքէն կախուած է։
«Խմբ.»
Սուրիոյ մէջ շուրջ 13.5 միլիոն մարդ մարդասիրական օգնութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունի: Այս մասին 30 Հոկտեմբերին նշած է ՄԱԿի մարդասիրական հարցերով գրասենեակի պաշտօնական ներկայացուցիչ Հենս Լարքէն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ռուսական ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:
«Օգնութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունեցողներէն աւելի քան 6 միլիոնը երխաներ են», նշած է ՄԱԿի ներկայացուցիչը` ընդգծելով, որ տասը ամիս առաջ այդ թիւը կը կազմէր 1.2 միլիոն, եւ ատկէ ետք կարիքաւորներուն թիւը կտրուկ բարձրացած է:
Անոր խօսքով Սուրիոյ մէջ մօտ 6.5 միլիոն մարդ գաղթականներ են երկրին մէջ: Աւելի քան 4.2 միլիոն սուրիացիներ լքած են իրենց երկիրը` դառնալով փախստականներ:
«Աւելի քան 11 միլիոն մարդ Սուրիոյ մէջ առողջապահական օգնութեան կարիք ունի, իսկ շուրջ ինը միլիոնը հնարաւորութիւն չունին սնունդի հիմնական կարիքները հոգալու համար», նշած է Լարքէն` աւելցնելով, որ կարիքաւորներուն օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնը չափազանց սահմանափակ է, քանի որ 4.5 միլիոն մարդ կը գտնուի այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր դժուար է մուտք գործել:
Գրասենեակին տեղեկացմամբ 393 հազար 700 սուրիացիներ կը բնակին շրջափակուած տարածքներու մէջ: Այս տարի անոնցմէ օգնութիւն ստացած է միայն 0.5 տոկոսը, եւս 3.6 տոկոսը առողջապահական օգնութիւն ստացած է: