Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Սուրիոյ Ազգային Սիմֆոնիք Նուագախումբի Եւ Դամասկոսի Երաժշտական Սենեկային Երգչախումբի Սքանչելի Կատարումը «Կոմիտաս Նահատակ Հանճարը» Վերնագիրով

Հինգշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2015ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00ին Դամասկոսի «Տար ալ-Ասատ» օփերայի «Տրամա» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան, համագործակցութեամբ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդարանի եւ կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման Դամասկոսի մարմինին, տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս նահատակ հանճարը» երաժշտական երեկոն: Այս մասին կը յայտնէ Perio News-ը:

Ձեռնարկի նախօրէին օփերայի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս:

Այնուհետեւ «Կոմիտաս նահատակ հանճարը» երաժշտական երեկոն կայացաւ Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի եւ Դամասկոսի երաժշտական սենեկային երգչախումբի մասնակացութեամբ, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի:

Հանդիսութեան ներկայ էին Սուրիոյ մշակոյթի նախարար տիար Իսամ Ալի Խալիլ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան փրոֆ. դոկտ. Արշակ Փոլատեան, ազգային-կրօնական վերնախաւի ներկայացուցիչներ, Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արաբ արուեստասէրներ եւ հայրենակիցներ:

Բարձրորակ կատարողութեան յաջողութիւնը վստահաբար կ՛երթայ Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Դամասկոսի երաժշտական սենեկային երգչախումբի ղեկավար՝ մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանին, որ իր բծախնդիր եւ փափկանկատ զգացումներով կրցած էր՝ Մեծն Կոմիտասի այսքան հրաշալի ստեղծագործութիւնները սքանչելի կերպով ներթափանցել արուեստագէտներուն մէջ, որոնց կատարումով արտացոլաց հանդիսատեսին: Այնուհետեւ չէր թաքնուեր մեր հայրենակիցներու ուրախութեան, յուզմունքի եւ յոյսի արցունքներով ունկնդութեան հոգեպարար կատարողութիւնը:

Նշենք, որ այս շատ կարեւոր իրադարձութիւնը ուղղակի սփռուեցաւ սուրիական «ալ-Թալաքի» պատկերասփիւռի կայանէն, ինչպէս նաեւ համերգին ներկայ էին սուրիական մամուլի ներկայացուցիչներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին