Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

«Միջին Արեւելքէն Ներս Քրիստոնէական Վկայութեան Հզօրացումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է»

Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2015-ի երկոյեան, Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները։ Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր միասնաբար քննել Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած հարցերը եւ որոնել զանոնք լուծելու կարելիութիւնները։

Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան, շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

ա) Առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ եկեղեցիներու միութեան՝ շեշտել գործակցութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական վկայութեան նոր թափ տալով։ Այս ուղղութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին դերը կենսական է։

բ) Յաճախ յիշեցնել մեր շրջապատին, թէ քրիստոնեայ եկեղեցիները կը պատկանին Միջին Արեւելքի պատմութեան ու մշակոյթին։ Հետեւաբար անոնք համահաւասար քաղաքացիներ են իսլամներուն հետ, նո՛յն պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով։

գ) Յիշեցնել յատկապէս Արեւմտուքին, թէ շրջանէն ներս կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութիւնը կարելի է պաշտպանել՝ մէկ կողմէ գործնապէս խիստ կեցուածք ճշդելով ծաւալող ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ, եւ միւս կողմէ զանազան ծրագիրներու ճամբով՝ օժանդակել քրիստոնեայ համայնքներուն վերակազմակերպման։

Հոգեւոր պետերու հանդիպումէն յետոյ տեղի ունեցաւ՝ 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին ինկած ասորի նահատակներուն ձօնուած յուշարձանի բացումը, վանքի շրջափակէն ներս։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին